Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարիրիի Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Ի Զօրու Է, Իսկ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ Երկխօսութեան Շարունակութիւնը Նուաճում Է» Շեշտեց Պըրրի

January 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը նուաճում է` նկատի ունենալով ներքին լիբանանեան եւ շրջանային առումով տիրող բարդ պայմանները:

Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրող նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա զօր. Աուն եւ Ֆրենժիէ պէտք է ներկայանան  նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին:

Անդրադառնալով մայիսին կատարուելիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն` Պըրրի շեշտեց, որ ինք համաձայն է այդ ընտրութիւններուն կայացումին:

Պըրրի Ընդունեց Իրաքցի
Իր Պաշտօնակիցը 

berri_iraqi_counterpart_011116f

Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց իրաքցի իր պաշտօնակից Սելիմ Ժապուրին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի նշեց, որ Ժապուրի այն քիչերէն է, որ հաւատացած է խորհրդարանական եւ դիւանագիտական աշխատանքին:

Պըրրի յայտնեց, որ Ժապուրիի այցելութիւնը անակնկալ էր` աւելցնելով, որ անակնկալները ընդհանրապէս լեցուն կ՛ըլլան այլ անակնկալներով, որոնք դրական են:

Իր կարգին, Ժապուրի յայտնեց, որ Իրաք այս հանգրուանին կ՛ապրի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր իրագործած յաղթանակներուն հանգրուանը` շեշտելով, որ իրաքեան տարբեր նահանգներուն մէջ մօտիկ ապագային ահաբեկչութիւնը վերջ պիտի գտնէ:

«Իրաք ամբողջութեամբ պիտի թօթափէ ահաբեկչութիւնը», շեշտեց ան:

Ժապուրի Պըրրիի յանձնեց հրաւէր մը` մասնակցելու Պաղտատի մէջ տեղի ունենալիք իսլամական երկիրներու խորհրդարաններու համագումարին:

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքը Եւ Հըզպալլան Հաստատեցին Երկխօսութիւնը Շարունակելու Իրենց Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Հակառակ Տարակարծութիւններուն` Զոյգ Երկխօսութիւնները Եղան Դրական Եւ Շեշտեցին Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.