Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 12, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ քաղաքապետական պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարիք չկայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Մատայայի շրջափակումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն նպատակն է շէյխ Նմըր Նմըրի դէմ գործուած մահապատիժը մոռցնել տալ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի յայտնեց, որ երկխօսութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւնը դրական է` ներքին լիբանանեան անդորրութիւնը պահպանելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը պիտի չխզուի` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքին հետ յարաբերութիւնները ամուր են:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով պայմանները տակաւին ձեռնտու չեն:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Քապալան Քապալան շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերէն կը պահանջուի կանխարգիլել սիւննի-շիի սադրանքները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստը գումարուի բոլոր նախարարներուն ներկայութեամբ:

ՊՔԵՐՔԷ անհամբեր է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին իմաստով եւ պատրաստ է զօրակցելու այդ հանդիպումէն բխող որոշումներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ շրջանին մէջ իրենք կ՛ենթարկուին ծրագրուած պատերազմի մը, որ համադրուած է թշնամի Իսրայէլի եւ սէուտական վարչակարգին միջեւ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի շեշտեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը ազգային մեղք կը նկատուի:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ Հըզպալլա մեղսակցած է սուրիացի ժողովուրդին սպանութեան արարքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շրջագիծին մէջ իրենք չեն քննարկած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքը դրուատեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ Պըրժ Պարաժնէի դէմ գործուած պայթումներու հեղինակ Ապու Թալհայի ձերբակալումը:

ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին փրկութիւնը կարելի կը դառնայ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ազատ է նախագահական իր թեկնածուին զօրակցելու իմաստով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը բնական է` նկատի ունենալով, որ Աուն կը ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքին մեծամասնութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ քաղաքական որոշ ուժեր կ՛ուզեն երկրին վերաբերող բոլոր որոշումները իւրացնել` աւելցնելով, որ ատիկա խիստ մերժելի է:

«ՌԻԱՏ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան տագնապը կարելի պիտի չըլլայ աւարտել` նախքան Սուրիոյ տագնապին լուծումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հըզպալլա չարաշահէ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր երկխօսութիւնը` շարունակելով քաղաքական սպանութիւններու իր քաղաքականութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ ապահովական վտանգներու հաւանականութեան բարձրացումին առումով մտավախութիւններ գոյութիւն ունին:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Նոր Օսմանական Հնարք Մը

Յաջորդը

Մաշնուք Դրուատեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Կողմէ Լիբանանի Պաշտպանութեան Ճիգերը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Կիպրոս Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Կիպրոս Այցելեց

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետարան

Յուլիս 10, 2025
Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ  Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ  Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի,  Սակայն Համբերութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Պարրաք. «Ոչ Ոք Պիտի Շարունակէ Մինչեւ Յառաջիկայ Տարի Բանակցիլ Լիբանանի Հետ. Թրամփ Հոյակապ Կեդրոնացում Ունի, Սակայն Համբերութիւն Չունի»

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?