Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլա Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վերեւ թիրախ դարձուցած է ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոն մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ ինք կառավարութեան մէջ պիտի մնայ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ձայնը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան վարչապետ Թամմամ Սալամին ըսաւ, թէ ինք ստիպուած չէ այս կամ այն նախարարութեան սխալներուն գինը վճարել: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան...


















