Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ժաննէի ջրամբարին աշխատանքներուն դէմ ամբաստանութիւնները պիտի չաւարտին, առանց այդ ամբաստանութիւններուն հեղինակները դատավարութեան ենթարկելու:
Ան նշեց, որ Ժաննէի ջրամբարը կը բաղկանայ 8 ջրամբարներէ, որոնց ծախսերը 28 միլիոն տոլարը չեն անցնիր, մինչդեռ Պըսրիի ջրամբարին ծախսը կը հասնի 155 միլիոն տոլարի:
«Իսկ եթէ կենսոլորտային առումով անոր հետեւանքներուն մասին պիտի խօսինք, ապա պէտք է ըսել, որ այդ ջրամբարը կառուցելու համար 50 հազար ծառ արմատախիլ պիտի ըլլան, սակայն աւելի ուշ կտրուած ծառերուն թիւին եռապատիկը պիտի տնկուի, մինչդեռ Պըսրիի ջրամբարին համար 200 հազար ծառ արմատախիլ պիտի ըլլայ», նշեց ան:
Քանաան ըսաւ, որ ըստ ֆրանսացի փորձագէտներու, երկրաշարժի ոչ մէկ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի:
Անդրադառնալով Պետական անվտանգութեան կառոյցի թղթածրարին` Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան յարգելու այդ կառոյցը, անոր կարգերն ու աստիճանաւորումները, հանգստեան կոչուելու, ինչպէս նաեւ նշանակումներ կատարելու օրէնքները:
Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն այդ օրէնքներուն առումով արձանագրուելիք որեւէ խախտում:
Ընտրական օրէնքին մասին Քանաան ըսաւ, որ Թաէֆի համաձայնութենէն 26 տարի ետք եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն նուազ քան տարի մը առաջ արդի ընտրական օրէնքի մը չգոյութիւնը կը փաստէ, թէ ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու կամք չկայ, այլ` կան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը դարձեալ երկարաձգելու միտումներ: