Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլա Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վերեւ թիրախ դարձուցած է ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոն մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ ինք կառավարութեան մէջ պիտի մնայ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ձայնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան վարչապետ Թամմամ Սալամին ըսաւ, թէ ինք ստիպուած չէ այս կամ այն նախարարութեան սխալներուն գինը վճարել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն` կառավարութենէն դուրս գալը պիտի չկասեցնէ վերջինիս աշխատանքը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ երկխօսութեան յառաջիկայ նիստը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 21 յունիս 2016-ին,  պիտի ըլլայ առանցքային, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական օրինագիծին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ կարելի չէ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին անտեսել, որովհետեւ անիկա իր կշիռը ունի` աւելցնելով սակայն, որ ինք ոչ մէկ յարաբերութիւն ունի Ռիֆիի հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ հաստատեց, որ նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին վերջ դնելու առումով ջանքերը ի գործ կը դրուին, սակայն անոր զուգահեռ երկրին մէջ անորոշութիւնը պահպանելու իմաստով ճնշումներ կը բանեցուին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս յայտնեց, որ «եթէ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ անհրաժեշտ գտնէ, թէ պէտք է հարցաքննէ այն սպաները, որոնք պատասխանատու էին լիբանանեան որոշ շրջաններու մէջ ապօրինի համացանցի յատուկ սարքեր միացնելու, ապա ան ազատ է զանոնք հարցաքննութեան կանչելու` առանց իմ արտօնութիւնս խնդրելու»:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ համամասնական ընտրական օրէնքին` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան տնտեսութեան կայունութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պասեմ Շապ ընդգծեց, որ Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ծառայելու լաւագոյն օրինակը Մուսթաքպալ հոսանքն է եւ անոր ղեկավարը` երեսփոխան Սաատ Հարիրի:

 

Նախորդը

Վերջին Հրաժեշտ` Օֆելիա Համբարձումեանին

Յաջորդը

Ռիֆի. «Իմ Կարծիքովս` Վերտանի Պայթումին Պատասխանատուն Հըզպալլան Է»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.