
«Պլոմ» դրամատան պայթումին վերաբերեալ հետաքննութիւնը շարունակուեցաւ երէկ: Ապահովութեան ուժերուն եւ քրէական փաստահաւաքի ուժերուն կողմէ յստակ դարձաւ, որ դրամատան կից զետեղուած ականը 7-8 քկ «Թի. Էն. Թի.» կը պարունակէր եւ անոր նպատակն էր կարելի եղածին չափ նիւթական մեծ վնասներ պատճառել:
Հետաքննիչներուն աշխատանքին աւարտէն ետք «Պլոմ» դրամատան փողոցը կարելի եղաւ վերաբանալ քաղաքացիներուն երթեւեկին համար:
Առեղծուածային կերպով Պէյրութը ցնցած այդ պայթումը կրնայ ցուցանիշ ըլլալ, որ երկիրը ապահովական յաւելեալ խախտումներու դէմ յանդիման կրնայ գտնուիլ:
Վարչապետարանին Մէջ Հանդիպում

Վերտանի պայթումին լոյսին տակ երէկ տեղի ունեցան դրամատնային մարզին վերաբերող կարգ մը արտակարգ նիստեր, որոնց շարքին էր վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը:
Հանդիպումին նախագահեց վարչապետ Թամմամ Սալամ, ներկայութեամբ` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց «Պլոմ» դրամատան դէմ գործուած պայթումը` զայն նկատելով ահաբեկչական արարք մը, որուն նպատակն է երկրին տնտեսական կայունութիւնը հարուածել: «Այս դատապարտելի արարքը Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ դարձնելու աստիճան վտանգաւոր է` նկատի ունենալով, որ դրամատնային համակարգն ու մարզը երկրին տնտեսական շրջանակին հիմնական շարժակն է, ինչպէս նաեւ պետութեան հիմնասիւնը` սահմանադրական հաստատութիւններուն դիմագրաւած սառած իրավիճակին զուգահեռ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է ապահովական կառոյցներուն եւ անոնց պատասխանատու նախարարութիւններուն հետ` մաղթելով, որ այդ պայթումը ծրագրող եւ գործադրող կողմերը շուտով բացայայտուին եւ դատական իշխանութիւններուն փոխանցուին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ երկրին դրամատնային իրավիճակը` դրուատելով Կեդրոնական դրամատան տեղական եւ միջազգային ճիգերը` լիբանանեան ելեւմտական համակարգը պահպանելու եւ անոր դիմադրողականութիւնը զօրացնելու առումով:
Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին, որ այս հանգրուանին երկրին պատասխանատուները պէտք է գիտակցին իրենց պատասխանատուութիւններուն եւ իմաստուն կեցուածքներ որդեգրեն` խաղաղեցնելու համար երկրին կացութիւնը, ուշիմ լուծումներ գտնելու Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն հարցերուն եւ բարձր պահելու Լիբանանի ելեւմտական վարկը:
Նշենք, որ Դրամատուներու միութիւնը իր կարգին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց Վերտանի պայթումին կապուած հարցերն ու անոր հետեւանքները:
Միութիւնը իր նիստին աւարտին նշեց, որ Վերտանի պայթումը ամբողջ դրամատնային մարզը թիրախ դարձուցած է` աւելցնելով, որ այդ պայթումին նպատակը երկրին տնտեսական մարզին կայունութեան խախտումն է:
Իր կարգին, «Պլոմ» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Սաատ Ազհարի մերժեց ամբաստանութիւններ արձակել` աւելցնելով, որ դրամատունը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնները: Ան հաստատեց նաեւ, որ դրամատան մօտ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները ապահով են եւ այդ իմաստով ոչ մէկ վնաս արձանագրուած է:
Ազհարի տեղեկատուութեան մարզէն խնդրեց, որ իրենց վերլուծումներուն մէջ ըլլան արդար եւ առարկայական:
Պըրրի Կը Դատապարտէ

«Պլոմ» դրամատունը պայթումի թիրախ դարձնելու արարքին առնչութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խանգարել փորձող ձեռքերը, որոնք յանդգնած են երէկուան պայթումը կատարել, նախ եւ առաջ Լիբանանը թիրախ կը դարձնեն, իսկ երկրորդ` Հըզպալլան, նախքան անոր բեկորները երկրին ամէնէն կարեւոր դրամատուներէն` «Պլոմ» դրամատան հասնիլը:
«Այդ արարքը ինքզինք կը մատնէ` նկատի ունենալով, որ այդ ոճիրը կանխամտածուած է եւ անոր հետապնդած նպատակները յստակ են», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Պըրրի կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն, քաղաքական ուժերուն, քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն զգուշանալու Լիբանանը թիրախ դարձուցած այդ պայթումին հետապնդած նպատակներէն` նկատի ունենալով, որ անիկա հարուածած է դրամատնային մարզը, որ բացառիկ յաջողութեամբ կը գործէ եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը հանդուրժէ ու կը տոկայ դժուարութիւններուն:
«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին դարձեալ յաղթելու` կեցուածքները միասնականացնելով, աճապարուած կեցուածքներ չյայտարարելով եւ կասկածելի ծրագիրներուն հոսանքին անձնատուր չըլլալով, որովհետեւ այդ ծրագիրներն են, որոնք թիրախ դարձուցած են եւ կը դարձնեն Լիբանանի ներկան, ապագան եւ իւրայատուկ կառուցուածքը», շեշտեց Պըրրի:
Հըզպալլայի Եւ Ռիատ Սալամէի Միջեւ
Համաձայնութեան Մասին
Հըզպալլայի դէմ գործադրուելիք ամերիկեան դրամատնային պատժամիջոցներուն լոյսին տակ Հըզպալլայի եւ լիբանանեան դրամատուներուն միջեւ բռնկած տագնապին պատճառով «Պլոմ»-ի դէմ պայթումը գործելու ամբաստանութիւնները ուղղուեցան Հըզպալլայի դէմ:
Հըզպալլայի շրջանակներուն մօտիկ վերլուծաբան Սալեմ Զահրան երէկ երեկոյեան կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ այդ պայթումէն ամէնէն աւելի վնասուողը Հըզպալլան է:
Ան հարց տուաւ, որ երբ Հըզպալլա ուղղակի բանավէճի մէջ է դրամատուներուն եւ յատկապէս «Պլոմ» դրամատան հետ, արդեօք կարելի՞ է, որ Իսրայէլի ու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ կռուող Դիմադրութիւնը այդքան պարզամիտ ըլլայ եւ նման արարք մը գործէ: «Արդեօք կարելի՞ է պատկերացնել, որ երբ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի միջնորդութեամբ, Հըզպալլայի եւ Ռիատ Սալամէի միջեւ գրեթէ վերջնական լուծում գոյացած է, այդ համաձայնութիւնը նման անխոհեմութեամբ ջրուի», հարց տուաւ Զահրան:
Ան շեշտեց, որ այդ հարցը կը լուծուի` ապահովական եւ տնտեսական համակարգերուն միջեւ համերաշխութեան շնորհիւ:
Հակազդեցութեան Ալիք
Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի հետ` քննարկելու համար պայթումին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Ռիֆի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ «Պլոմ» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Սաատ Ազհարիի հետ` դատապարտելով դրամատնային մարզը թիրախ դարձնող այդ արարքը:
Ռիֆի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Կեդրոնական դրամատան եւ լիբանանեան դրամատուներուն` անոնց դէմ արձանագրուած սպառնալիքներուն եւ բանեցուած ճնշումներուն առումով:
Ան նշեց, որ դրամատնային մարզին անկարելի է դպչիլ, որովհետեւ այդ մասին վնասելը կը սպառնայ Լիբանանին իսկական փորձանք հասցնել:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` հաստատելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակը խիստ կարիքը ունի իմաստուն կեցուածքի:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց դրամատնային մարզին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին եւ Լիբանանի տնտեսութեան ու անոր ապագային հաւատացող կողմերուն զօրակցելու:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ պայթումներու ֆիլմաշարին վերադարձը զգուշացում մըն է, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը փուլ գալու սպառնալիքին տակ կը գտնուի:
Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ իրենք առիթ պիտի չտան, որ Վերտանը պայթումի թիրախ դարձնող ականը զբօսաշրջական ամբողջ եղանակին վնաս հասցնէ:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Վերտանի պայթումէն ամէնէն աւելի վնասուողը Հըզպալլան է: Հըզպալլայի նման Դիմադրութեան շարժում մը «այդպիսի պատգամներ չի յղեր», ըսաւ Ապու Սաապ` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւնը ի վերջոյ իր խօսքը ունի ըսելիք:
Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ Վերտանի պայթումը մերժելի եւ դատապարտելի պատգամ մըն է, որովհետեւ դրամատնային մարզը կարմիր գիծ է:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ անընդունելի է երկրին դրամատնային մարզը վտանգի ենթարկել այս կամ այն ուժը գոհացնելու համար:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը դատապարտելի է, ո՛ւր որ ալ ըլլայ ան եւ ի՛նչ որ ալ թիրախ դարձնէ:
Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ շեշտեց, որ Վերտանի պայթումը դատապարտելի է եւ լիբանանցիներէն կ՛ենթադրէ յաւելեալ զգաստութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ առնել երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու ամէն փորձ:
Սքաֆ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հեռանալ անհիմն ամբաստանութիւններէն եւ լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարներ գտնել, ինչպէս նաեւ ամէն իմաստով զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն:
Սքաֆ կոչ ուղղեց նաեւ տնտեսական եւ դրամատնային մարզերը չէզոքացնելու քաղաքական որեւէ սադրանքէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պէյրութի մէջ արձանագրուած պայթումը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
 
			

