Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Երկրին Իրադարձութիւնները Քննարկեց Եւրոպական Միութեան Քաղաքական Եւ Ապահովական Խորհուրդի Պատուիրակութեան Հետ

June 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_eu_delegation_61416

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ ապահովական խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Ուոլթըր Սթիվընզի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի:

Հանդիպումէն ետք Լասըն ընդգծեց լիբանանեան պետական հաստատութիւնները ամրապնդելու եւ երկրին դիմագրաւած ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը:

Լասըն հաստատեց, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ ապահովական խորհուրդի պատուիրակութեան Լիբանան կատարած

այցելութիւնը կրկին կը փաստէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել իրեն դէմ ծառացած հարցերը:

Լասըն շեշտեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Լասըն յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ. քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Ժիպէյլի փառատօնի կազմակերպիչ Լաթիֆա Լաքքիս, որ վարչապետը հրաւիրեց 15 յուլիսին սկսելիք փառատօնին բացման հանդիսութեան:

 

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Վերտանի Պայթումը Ահաբեկչական Ամէնէն Վտանգաւոր Ոճիրներէն Մէկն Է»

Յաջորդը

Հարիրի Մարոնիներու Լիկայի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Երկրին Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.