
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները` աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ կը հրաժարին կառավարութենէն:
«Ոչ ոք կրնայ մեզի ընտելացնել` կառավարութեան մէջ թէ անկէ դուրս: Մեր հրաժարականը պայքարէն հրաժարելու համազօր չէ, որովհետեւ մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ. պիտի շարունակենք պայքարիլ. ձախողած, արտաքին ուժերու վաճառուած եւ ժողովուրդին հետ խաղցած քաղաքական դասակարգին դէմ», ըսաւ Ժեմայէլ:
Ան հաստատեց, որ քաղաքական ներկայ գործելաոճը իրենց վայել չէ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին քաղաքական կեանքին մէջ ըլլալ իրենց գործելաոճով եւ մերժելով պոյքոթի ենթարկելու քաղաքականութիւնը:
«Ես լիբանանցի քրիստոնեայ եւ իսլամ երիտասարդներուն կը խոստանամ, որ պիտի աշխատիմ անոնց հետ` իսկական փոփոխութիւնը եւ սրբագրութիւնները կատարելու` Լիբանանի շահերուն ի խնդիր», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ իրենք այս կառավարութեան մաս կազմած են` մերժելով նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթը: Ան աւելցուց, որ իրենք փտածութեան դէմ պայքարած են, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դրած կասեցնելու սուրիացի գաղթականներուն հոսքը, սակայն հիմա հասած են այն եզրակացութեան, որ կառավարութեան չգոյութիւնը անոր ներկայ գոյութենէն շատ աւելի լաւ է, հետեւաբար իրենք իբրեւ ազատականներ, սահմանադրութիւնը յարգող եւ օրէնքի պետութեան հաւատացող քաղաքական անձնաւորութիւններ կը հաւատան, որ առաջին եւ վերջին շահերը պէտք է ըլլան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն շահերը:
ՆՇԵՆՔ, որ կառավարութեան կազմութեան օրէնքներուն համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահած Ազգային հաշտութեան կառավարութենէն աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի հրաժարելէն ետք, աշխատանքի նախարարութեան աշխատանքներուն կը հետեւի ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, իսկ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան աշխատանքներուն կը հետեւի ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան:


