Լիբանանեան

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարներուն  Հրաժարականը Վերջնական Է

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարներուն Հրաժարականը Վերջնական Է

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի կառավարութենէն հրաժարականը վերջնական է եւ ուժի մէջ: Մարունի աւելցուց սակայն, որ կուսակցութեան ընթացիկ նիստը պիտի գումարուի այսօր եւ անոր ընթացքին պիտի ուսումնասիրուի նախարարութեանց աշխատանքներուն հետեւելու եղանակը: Մարունիի կեցուածքները հաստատուեցան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ, սակայն աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ իրենց...

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Մեր Փոխըմբռնումը  Պահպանեց Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը»

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Մեր Փոխըմբռնումը Պահպանեց Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթ երեկոյեան նախագահեց Ազգային ազատ հոսանքի Ղինէի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց համաձայնութիւնը պահպանած է լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց համաձայնութեան շնորհիւ պահպանուած է միջմարոնիական միասնականութիւնը: «Մենք լիբանանեան քաղաքական մնացեալ բոլոր ուժերուն հետ համաձայնութիւններ ստորագրելու ճամբուն վրայ կը գտնուինք», ըսաւ...

Հարիրիի Եւ Ռիֆիի Միջեւ Հանդիպում Մը  Կազմակերպելու Ճիգե՞ր

Հարիրիի Եւ Ռիֆիի Միջեւ Հանդիպում Մը Կազմակերպելու Ճիգե՞ր

Շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի լուրեր, թէ այս շաբթուան ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին նախարարներ Մոհամետ Սաֆատիի եւ Ֆայսալ Քարամէի հետ: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի կը ծրագրէ այս շաբթուան ընթացքին սարքել իֆթար մը եւ հրաւիրել Հարիրին ու հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ...

Իպրահիմ. «Հըզպալլայի Եւ Դրամատուներուն  Միջեւ Յարաբերութիւնը Հեզասահ Է»

Իպրահիմ. «Հըզպալլայի Եւ Դրամատուներուն Միջեւ Յարաբերութիւնը Հեզասահ Է»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը քիչ թէ շատ հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին առաջին օրէն սկսեալ, Լիբանանի ապահովական կացութիւնը սպառնալիքի ենթակայ է: «Երկրին ապահովութեան ուժերն ու բոլոր կառոյցները իրենց առաքելութիւնը ամբողջական կերպով կը կատարեն», ըսաւ Իպրահիմ: Պատասխանելով Հըզպալլայի եւ դրամատուներուն միջեւ տագնապի լուծման իր միջնորդութեան ակնարկող հարցումի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող իր անցարգելներէն մէկուն վրայ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի խմբակ մը: ԻՏԱԼԻՈՅ խորհրդարանի նախագահ Լաուրա Պոլտրինի երէկ կէսօրէ ետք եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Կը նախատեսուի, որ ան այսօր Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ապա հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց, որ կառավարութեան հրաժարականով Լիբանան յաւելեալ...

Բագրատունի Ընդունեց Քանատական Եւ Գերմանական Պատուիրակութիւններ

Բագրատունի Ընդունեց Քանատական Եւ Գերմանական Պատուիրակութիւններ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի նեկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունեց Քանատայի Օնթարիոյի շրջանի խորհրդարանի ընդդիմութեան գրասենեակի ղեկավար Փաթրիք Պրաունը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց հայ-քանատական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղթականներու խնդիրը Լիբանանի եւ Քանատայի մէջ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցելու Լիբանանի հայութեան պատմութեան, կառոյցներուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքներուն մասին, ինչ կը վերաբերի սահմանադրական դժուարութեանց, թէ կողմերու...

Ժեմայէլ Վարչապետ Սալամին Պաշտօնապէս Փոխանցեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարներուն Հրաժարականները

Ժեմայէլ Վարչապետ Սալամին Պաշտօնապէս Փոխանցեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարներուն Հրաժարականները

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը, որ վարչապետին պաշտօնապէս ներկայացուց աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի հրաժարականները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը յարգեն վարչապետ Սալամը` հաստատելով, որ իրենց նախարարներուն հրաժարելու որոշումը յետս պիտի չկոչեն: Ժեմայէլ աւելցուց, որ ինք բանաւոր կերպով ներկայացուցած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականները` նկատի...

Պըրրի Քարիւղի Թղթածրարը Քննարկեց Նախարար Նազարեանի Հետ

Պըրրի Քարիւղի Թղթածրարը Քննարկեց Նախարար Նազարեանի Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քարիւղի եւ բնական կազի մարզին եւ անոր աշխատանքը օրինականացնելու վերաբերող շարք մը հարցեր: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելեց նաեւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանին: Քննարկուեցան մայրաքաղաքի բարգաւաճման նպատակով մշակուած նոր ծրագիրներն ու անոնց գործադրութեան եղանակները:

Մաշնուք Կը Հերքէ Պայթումներուն Ակնարկող Լուրերը Եւ Հրաժեշտ Կու Տայ Զօր. Փորթոլանոյի

Մաշնուք Կը Հերքէ Պայթումներուն Ակնարկող Լուրերը Եւ Հրաժեշտ Կու Տայ Զօր. Փորթոլանոյի

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի իրավիճակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ստանձնած առաքելութիւնը: Մաշնուք դրուատեց զօր. Փորթոլանոյի դերակատարութիւնն ու արհեստավարժ ընթացքը` ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան ապահովական ուժերուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու...

Հարիրի. «Հըզպալլայի Հետ Մեր Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակենք, Այնքան Ատեն Որ Սադրիչ Կողմեր Կան»

Հարիրի. «Հըզպալլայի Հետ Մեր Երկխօսութիւնը Պիտի Շարունակենք, Այնքան Ատեն Որ Սադրիչ Կողմեր Կան»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Շթորայի մէջ նախագահեց ռամատանեան իֆթարի մը, որ սարքուեցաւ ի պատիւ Արեւմտեան Պեքաայի եւ Ռաշայայի բնակիչներուն: Իֆթարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը շարունակելու նպատակը սիւննի-շիի լարուածութեան նուազումն է: «Հըզպալլայի հետ մեր երկխօսութիւնը պիտի շարունակենք, այնքան ատեն որ սադրիչ կողմեր կան», շեշտեց Հարիրի: Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն...

Օպամա Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կը Մերժէ Ընդունիլ Ռայի Պատրիարքը

Օպամա Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կը Մերժէ Ընդունիլ Ռայի Պատրիարքը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկրորդ անգամ ըլլալով կը մերժէ ընդունիլ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ այս ամսուան աւարտին հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի ուղղուի Ուաշինկթըն: Նշենք, որ Ուաշինկթընի պապական նուիրակը հանդիպումի ժամադրութիւն մը խնդրած էր Օպամայի գրասենեակէն, որպէսզի Ռայի պատրիարքը զայն տեղեակ պահէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին, սակայն այդ խնդրանքը մերժուած էր: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հանդիպում պիտի...

Արայժի. «Կը Նախընտրենք, Որ Քաղաքական Բոլոր Կողմերը Իրենց Աշխատանքը Կատարեն Նախարարաց Խորհուրդին Ընդմէջէն»

Արայժի. «Կը Նախընտրենք, Որ Քաղաքական Բոլոր Կողմերը Իրենց Աշխատանքը Կատարեն Նախարարաց Խորհուրդին Ընդմէջէն»

Մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախանցեալ օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին կարելի եղած է նախարարաց խորհուրդի աշխատանքները վաւերացնել. ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը բոլոր թղթածրարները նման դրական մօտեցումով քննարկէ, յատկապէս այն հարցերը, որոնք քաղաքականութեան հետ որեւէ կապ չունին եւ լարուածութիւն չեն յառաջացներ: Արայժի աւելցուց, որ ինք կը մաղթէր, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները իրենց հետ ըլլային նիստին ընթացքին`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որ յայտնեց, թէ Ֆիթրի տօնէն ետք նախագահական ընտրութեան առումով դրական զարգացումներ կրնան արձանագրուիլ: ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի...

Սամի Ժեմայէլ Այցելեց  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Սամի Ժեմայէլ Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, փաղանգաւոր պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի հետ: Օրակարգի գլխաւոր նիւթը Պուրճ Համուտի աղբի լերան վերացումն ու թափօններու թաղման կառոյցի հաստատումն էր, ուր Ժեմայէլ ներկայացուց իր պատկերացումը: Համաձայնութիւն գոյացաւ յաւելեալ խորհրդակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ աղբերու զտման եւ վնասազերծման աշխատանքը...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Կառավարութիւնը Յանձնառու Կը Մնայ Երկրին Ապահովական Եւ Դրամատնային Կայունութեան»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետարանին Մէջ. «Կառավարութիւնը Յանձնառու Կը Մնայ Երկրին Ապահովական Եւ Դրամատնային Կայունութեան» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Ալի Հասան Խալիլ, Սըժաան Քազզի, Ռաշիտ Տըրպաս եւ Ալեն Հաքիմ: Երեք ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դարձեալ կոչ ուղղած է ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու`  նկատել տալով, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելով երկրին սահմանադրական...

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Սուրիացի Գաղթականներուն Հանդէպ Իր Պատասխանատուութիւնները Ստանձնէ»

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Սուրիացի Գաղթականներուն Հանդէպ Իր Պատասխանատուութիւնները Ստանձնէ»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Տնտեսութեան 20-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիացի գաղթականներուն հանդէպ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ` աւելցնելով, որ Լիբանան այդ գաղթականներուն բեռին մեծ մասին կը հանդուրժէ: Խալիլ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ...

Պըրրի Մտահոգութիւն Յայտնեց 2005-ի Բեմագրութեան Կրկնութենէն

Պըրրի Մտահոգութիւն Յայտնեց 2005-ի Բեմագրութեան Կրկնութենէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերուն նիստ մը գումարելու չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016-ին` քննարկելու համար ընտրական խառն օրէնքը, որ համամասնական եւ մեծամասնական օրէնքներուն խառնուրդը կը սեպուի: Ան նաեւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին: Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց, որ 2005-ին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք Լիբանանը հարուածած պայթումներու բեմագրութիւնը կրնայ կրկնուիլ`...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Սուրիացի Մը, Որ Կը Ծրագրէր Ահաբեկչութեան Թիրախ Դարձնել Բանակի Անցարգելներէն Մէկը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են սուրիացի մը` Օ. Հ. անուան սկզբնատառերով, որ կը պատկանի ահաբեկչական կազմակերպութեան մը: Հարցաքննութեան ընթացքին բացայայտուեցաւ, որ ձերբակալուողը սուրիացի մըն է, որ կը ծրագրէր ահաբեկչութեան թիրախ դարձնել բանակի անցարգելներէն մէկը` բանակայիններու սպանութեան նպատակով, ինչպէս նաեւ կը զինուորագրէր լիբանանցի երիտասարդներ, որպէսզի ուղղուին Սուրիա եւ միանան...

Ֆելթման Գաղտնօրէն  Այցելած Է Պէյրութ

Ֆելթման Գաղտնօրէն Այցելած Է Պէյրութ

ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթման, որ ներկայիս ժամանակաւոր կերպով ստանձնած է թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հսկողութիւնը, 10 օր առաջ գաղտնօրէն այցելած է Պէյրութ, ուր 24 ժամուան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է կարգ մը լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար ապագայ իրադարձութիւնները: Ըստ բացայայտուած տեղեկութիւններուն, Ֆելթման հասած է Աուքար` Կիպրոսէն եկած անձնական օդանաւով մը: Ան հանդիպում ունեցած է ամերիկեան դեսպանատան գործակատար Ռիչըրտ...

Ռիֆի. «Իմ Կարծիքովս`  Վերտանի Պայթումին  Պատասխանատուն Հըզպալլան Է»

Ռիֆի. «Իմ Կարծիքովս` Վերտանի Պայթումին Պատասխանատուն Հըզպալլան Է»

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իր կարծիքով` Վերտանի պայթումին պատասխանատուն Հըզպալլան է. ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ է այդ ոճիրէն օգտուողը եւ ո՞վ կարողութիւն ունի այդ պայթումը գործելու: Ռիֆի շեշտեց, որ այդ պայթումին եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան միջեւ մեծ նմանութիւններ կան: Ան աւելցուց, որ 7 մայիսի հետեւանքները Հըզպալլա աւելի ուշ կրած է, իսկ Վերտանի պայթումին հետեւանքները...

Page 827 of 986 1 … 826 827 828 … 986

Արխիւներ