Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Վերտանը` Թիրախ Դարձնելով «Պլոմ» Դրամատունը

June 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1465753680_IMG20160612WA00852

Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին ուժգին պայթում մը ցնցեց մայրաքաղաք Պէյրութը, երբ Վերտան-Զարիֆ շրջանին մէջ գտնուող «Պլոմ» դրամատան կեդրոնը ականահարումի թիրախ դարձաւ:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը եւ իսկոյն ականահարուած տարածքը շրջափակեցին` ճշդելու համար պայթումին տեսակը:

Ապա ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս ուղղուեցաւ պայթումին վայրը, ուր ան հաստատեց, որ ականը, որ մօտ 15 քկ. պայթուցիկ նիւթ կը կշռէր, զետեղուած էր «Պլոմ» դրամատան պատին կից գտնուող ծաղկամանի մը մէջ:

Ան նշեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն հետաքննութիւնը:

Պասպուս նկատել տուաւ, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը տնտեսական եւ զբօսաշրջական բոլոր վայրերուն ապահովական կայունութեան կը հսկեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր իր կարգին այցելեց դէպքին վայրը: Ան նախապէս ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին յանձնած էր պայթումին վերաբերեալ հետաքննութիւն կատարելու պարտականութիւնը:

Սաքըրի որոշումով դէպքին վայրը ուղղուեցան նաեւ քրէական փաստահաւաքները, որոնք աշխատեցան հաւաքել փաստերը` զանոնք օգտագործելու համար հետաքննութեան ընթացքին:

Ըստ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, Վերտանը ականահարած ռումբը հազիւ չորս քիլոկրամ է, եւ անիկա զետեղուած է «Պլոմ» դրամատան կից: Ան նշեց, որ այդ պայթումը ոչ մէկ կապ ունի իրենց փոխանցած նախկին տեղեկութիւններուն հետ, «որովհետեւ անիկա մեր վկայած «աւանդական» պայթումներուն նման չէ», ըսաւ ան:

Լիբանանեան Կարմիր խաչի տնօրէն Ժորժ Քըթթանէ յայտնեց, որ պայթումը պատճառած է երկու վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ:

Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Վերտանի մէջ զետեղուած տեսախցիկները ցոյց տուած են, թէ պայթումէն միայն կէս վայրկեան առաջ «Հիունտայ» տիպի պէժ գոյնով ինքնաշարժ մը կանգ առած է «Պլոմ» դրամատան դիմաց, եւ անոր մէջէն մարդ մը իջած ու զետեղած է ականը, որ իսկոյն պայթած է:

«Պլոմ» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Սաատ Ազհարի շեշտեց, որ իրենք ոչ ոք կ՛ամբաստանեն պայթումին յանցանքով եւ կը սպասեն հետաքննութեան արդիւնքին:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Վերտանի պայթումը սադրանք մըն է, որ իր բովանդակութեամբ եւ նպատակով արդէն իսկ ձախող կերպով դրսեւորուած է: Ան կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ պաշտպանելու Լիբանանը:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ պէտք է բացայայտել յանցագործը, որպէսզի կարելի ըլլայ փարատել կասկածները:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով պիտի դիմադրէ պայթումներուն եւ սպանութիւններուն եւ ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գայ այդ պայքարէն: Ան նշեց, որ Պէյրութը թիրախ դարձուցած պայթումը գաղտնի սպասարկական աշխատանք է, որ դրամատուները կը վերածէ երկրին ապահովական կայունութեան սպառնացող մարտկոցներու:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Պէյրութը թիրախ դարձուցած պայթումը` կոչ ուղղելով բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու, որովհետեւ տիրող կացութիւնը զգայուն է:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ պայթումը թիրախ կը դարձնէ դրամատնային մարզը եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Ան խստիւ դատապարտեց այդ արարքը:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ ընդգծեց երկրին դրամատնային մարզը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած է պայթումներու նոր փուլ մը, որուն ընթացքին թիրախ պիտի դառնայ դրամատնային մարզը: Ան ընդգծեց, որ այդ պայթումներէն շահաւոր դուրս պիտի գայ Իսրայէլը, իսկ Հըզպալլա պիտի վնասէ:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն եւ Սալամէի, դրամատուներուն եւ Հըզպալլայի միջեւ թեքնիք երկխօսութիւն մը կատարելու` գործնականացնելու համար ամերիկեան պատժամիջոցները:

Նախորդը

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւնը Երկիրը Իր Քաղաքական Տագնապէն Փրկելու Բանալին Է»

Յաջորդը

«Թուրքիան Երբեք Պիտի Չընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.