Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ պլոքը խստիւ կը դատապարտէ Վերտանի պայթումը` շեշտելով, որ «Պլոմ» դրամատան կեդրոնական շէնքը թիրախ դարձուցած արարքը ահաբեկչական ամէնէն վտանգաւոր ոճիրներէն է:
Պլոքը ընդգծեց նաեւ, որ ահաբեկչական այդ արարքը թիրախ կը դարձնէ ամբողջ Լիբանանը` սպառնալով անոր քաղաքացիական անվտանգութեան:
Պլոքը շեշտեց, որ լիբանանեան դրամատնային մարզը առիթ կու տայ Լիբանանին` տապալելու իրեն դէմ սպառնացող տագնապները եւ քաղաքական ու ապահովական ճգնաժամերը, հետեւաբար անհրաժեշտ նկատեց անոր պահպանումը: