Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, եւ առաջին անգամ ըլլալով` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:
Խորհրդարանական յանձնախումբը շարունակեց քննարկել ապօրինի համացանցին թղթածրարը:
Նիստէն ետք Ֆատլալլա յայտնեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը փտածութեան թղթածրար մըն է ելեւմտական իմաստով եւ վտանգաւոր է` ապահովական առումով, նկատի ունենալով այդ տեղեկութիւններուն մէջ իսրայէլեան ներթափանցումը:
Ֆատլալլա յայտնեց, որ յանձնախումբը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ այդ գայթակղութեան պատասխանատուները դատավարութեան ենթարկուին եւ արդարութիւն հաստատուի:
Ֆատլալլա յայտնեց, որ յանձնախումբը բացայայտած է երկու երեսփոխաններու ինքնութիւնը` նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած տուեալները, մաղթելով, որ դատական իշխանութիւնները իրենց տարեկան արձակուրդին ընթացքին աշխատանքը շարունակեն` այս հարցին հետապնդումը շարունակելու նպատակով:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ապօրինի համացանցին թղթածրարը քաղաքական գայթակղութիւն մըն է եւ հաւանաբար անոր լուծման լաւագոյն ձեւը դատական իրաւասութիւններով խորհրդարանական յանձնախումբի մը կազմութիւնն է:
Իր կարգին, Սամիր Մուքպել շեշտեց, որ այդ թղթածրարը լրջօրէն կը հետապնդուի` աւելցնելով, որ մէկուկէս ամիս ետք կարելի պիտի ըլլայ այդ իմաստով բացուած հետաքննութիւնները աւարտել: