ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանի դրամատնային մարզը հեռացնելու երկրին քաղաքական ցնցումներէն եւ բախումներէն:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ դրամատնային մարզը միակ մարզն է, որ տագնապի ընթացքին ցնցումի չ՛ենթարկուիր: Ան կոչ ուղղեց պահպանելու այդ մարզը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ կոչ ուղղեց վերջ տալու երկրագործական արտադրութեան մաքսանենգումին, այլապէս Լիբանան պիտի չկարենայ իր երկրագործական մարզը բարելաւել:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումը կարելի է ամրապնդել լիբանանցիներուն կողմէ բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեամբ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի կոչ ուղղեց պահպանելու երկրին դրամատնային մարզը եւ միջմարոնիական համախոհութեամբ ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` առաջադրուած հիմնական երկու թեկնածուներէն, որոնք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն ու Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն են:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ կոչ ուղղեց երկրին դրամատնային մարզը լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններուն եւ տագնապներուն թիրախ չդարձնելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ հաստատեց, որ «Պլոմ» դրամատունը պայթումի թիրախ դարձնելը Լիբանանի դէմ նիւթուող սադրանքները լրացնող արարք մը կը նկատուի: Ան խստիւ դատապարտեց այդ արարքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ պէտք է կառչած մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ Թաէֆի այլընտրանքը երկրին համերաշխութեան եւ ազգային գոյակցութեան հարուածումն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ միջազգային որոշ քաղաքականութիւններու միջամտութիւնը` լիբանանեան կարգ մը թղթածրարներու, կը վնասէ լիբանանեան ներքին կայունութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան կառավարութեան կողմէ պետական անվտանգութեան կառոյցին նկատմամբ ցուցաբերուած վարուելակերպը մերժելի է:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր համադրող Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ դրամը ժողովրդականութիւն չէ որ կը ստեղծէ, այլ` սկզբունքները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Քերիմ Ռասի շեշտեց, որ Վերտանի մէջ «Պլոմ» դրամատան պայթումը թիրախ կը դարձնէ Հըզպալլան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք էր ամերիկեան նիւթական պատժամիջոցներուն հարցը լուծէր` առանց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն այդ հարցին միջամուխ դարձնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմը վճռակամ է Հըզպալլայի անդամներուն դէմ իր որդեգրած նիւթական պատժամիջոցները գործադրելու:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, կարելի չէ Հըզպալլան լրիւ հեռու պահել Վերտանի պայթումին պատասխանատուութենէն:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Խըրպեթ Տաուտի եւ Մաժտալ Այնճարի ահաբեկչական բջիջները ռամատանի ընթացքին պայթումներ գործելու պատասխանատուութիւններ ստանձնած են:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին կառչած մնալը քրիստոնէական պահանջին ընդդիմանալու համազօր է:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կը մերժեն համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի ապօրինի զէնքը:


