Լիբանանեան

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւնը Երկիրը Իր Քաղաքական Տագնապէն Փրկելու Բանալին Է»

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնութիւնը Երկիրը Իր Քաղաքական Տագնապէն Փրկելու Բանալին Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը երկիրը իր քաղաքական տագնապէն փրկելու բանալին է` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն տասը ամիս առաջ լաւ է, որ այդ համախոհութիւնը կարելի ըլլայ գոյացնել: Պըրրի յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները Լիբանանի համար Աքիլլէսի կրունկ էին ու փաստեցին ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կարիքը: Խորհրդարանի նախագահը...

«Իսլամութիւնը Եւ Իսլամները Տկարացնելը Ամբողջ Լիբանանը Տկարացնել Կը Նշանակէ»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Իսլամութիւնը Եւ Իսլամները Տկարացնելը Ամբողջ Լիբանանը Տկարացնել Կը Նշանակէ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին նախագահեց «Մաքասետ» բարեսիրական միութեան իֆթարին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ ռամատանը սիրոյ, հանդուրժողականութեան եւ ներողամտութեան ամիսն է` յոյս յայտնելով, որ «Մաքասետ» միութեան զօրակցողները մնայուն կերպով հաւատարիմ մնան իրենց մարդասիրական այդ առաքելութեան: Վարչապետ Սալամ դատապարտեց Լիբանանի մէջ իսլամութիւնը եւ իսլամները տկարացնելու իւրաքանչիւր փորձ` հաստատելով, որ նման քայլ ոչ միայն իսլամութիւնը եւ իսլամները կը տկարացնէ,...

Հարիրի. «Ռաֆիք Հարիրիի Քաղաքական Հոսանքը Պիտի Չքանդուի»

Հարիրի. «Ռաֆիք Հարիրիի Քաղաքական Հոսանքը Պիտի Չքանդուի»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան «Պիել»-ի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի կազմակերպած ռամատանեան իֆթարին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ այս աշխարհի վրայ ոչինչ կրնայ քանդել Մուսթաքպալ հոսանքը` աւելցնելով, որ այդ հոսանքը հարուածած փոթորիկը դիմագրաւելու համար հաշուետուութեան կանչելու յանդգնութեան կարիքը կայ: «Պաշտօնապէս կը յայտարարեմ, որ Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական առանցքին եւ ազգային հարիրիականութեան պատասխանատուն ես եմ, այն օրէն,...

Ժոմպլաթ. «Եթէ Լիբանանի Շահերուն Կը Համընկնի, Որ Զօր. Աուն Դառնայ Հանրապետութեան Նախագահ, Ապա Ես Ոչ Մէկ Արգելք Ունիմ»

Ժոմպլաթ. «Ամերիկեւիսրայէլեան Ուղեգիծին Դիմադրող Խմբաւորումը Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Ոճիրները` Մոռնալով Սուրիական Վարչակարգը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ամերիկեւիսրայէլեան ուղեգիծին դիմադրող արաբ խմբաւորումները խստիւ կը դատապարտեն Իսրայէլի ոճիրները` մոռնալով սուրիական վարչակարգը: Ժոմպլաթ հարց տուաւ, թէ արդեօք տարբերութիւն գոյութիւն ունի՞ Կազայի դէմ Իսրայէլի գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ սուրիական վարչակարգին կողմէ Հալէպն ու անկէ առաջ նաեւ Հոմսը   քանդելու արարքներուն միջեւ: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի...

Ժեհիթայի Մէջ  Բռնկեցաւ Հրդեհ Մը

Ժեհիթայի Մէջ Բռնկեցաւ Հրդեհ Մը

Ժեհիթայի մէջ երէկ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն մասին Ժեհիթայի քաղաքապետ Ուալիտ Պարուտ շեշտեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կը փորձեն հակակշիռի տակ առնել զայն` հրշէջ մեքենաներով եւ հրդեհները մարելու յատուկ ուղղաթիռներով: Ան հաստատեց, որ հրդեհը բնակարաններուն մօտակայ վայրի մէջ չէ` աւելցնելով, որ իրենք փակած են Ժեհիթայի քարայրը տանող ճամբան` երաշխաւորելու համար քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը: Իր կարգին, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Ռեմոն...

Ռայի Պատրիարք. «Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Տագնապները Տեղի Կ՛ունենան Չարի Եւ Բարիի Միջեւ»

Ռայի Պատրիարք. «Շրջանին Մէջ Արձանագրուող Տագնապները Տեղի Կ՛ունենան Չարի Եւ Բարիի Միջեւ»

  Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած տագնապները տեղի կ՛ունենան չարի եւ բարիի, ինչպէս նաեւ լոյսի եւ խաւարի միջեւ: Ռայի պատրիարքը աղօթեց Աստուածամօր` անկէ խնդրելով, որ վերջ մը դնէ շրջանին մէջ արձանագրուող պատերազմներուն, բռնարարքներուն եւ ահաբեկչութեան: Իր քարոզին մէջ ան աղօթեց նաեւ, որ...

Ապու Ֆաուր. «Լիբանան Դարձեալ Պիտի Վկայէ Սուրիացի Գաղթականներու Հոսք Մը` Սուրիոյ Մէջ Արձանագրուող Բռնարարքներուն Ուժգնութեան Պատճառով»

Ապու Ֆաուր. «Լիբանան Դարձեալ Պիտի Վկայէ Սուրիացի Գաղթականներու Հոսք Մը` Սուրիոյ Մէջ Արձանագրուող Բռնարարքներուն Ուժգնութեան Պատճառով»

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Թիոտոր Փասասի հետ ուղղուեցաւ Արեւմտեան Պեքաա, ուր շրջեցաւ Խըրպեթ Քանաֆարի հիւանդանոցին մէջ,  շնորհակալութիւն յայտնելով յունական կառավարութեան` այդ հիւանդանոցին սարքերը ապահովելու առիթով: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ շնորհիւ Յունաստանի ապահոված օժանդակութիւններուն, հիւանդանոցը կարելի եղած է բարեկարգել եւ բարգաւաճեցնել մէկուկէս ամսուան ընթացքին: Առողջապահութեան նախարարը աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն ուժգնութեան պատճառով Լիբանան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց պետութեան կողմէ լիբանանցի քաղաքացին «Եւրօ 2016» ֆութպոլի մրցաշարքի խաղերուն հետեւելու իրաւունքէն զրկելը եւ կոչ ուղղեց լուծելու այդ հարցը: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ պիտի դիմադրեն այն բոլոր փորձերուն, որոնք կը միտին զիրենք պահել 1960-ի ընտրական օրէնքին ներքեւ: Ան աւելցուց, որ իրենց իրաւունքներէն երբեք պիտի չզիջին: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատուական գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Շարք մը լիբանանեան լրատուամիջոցներ որոշ ատենէ մը ի վեր շրջանառութեան մէջ կը դնեն լուրեր այն մասին, թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ կան տարակարծութիւններ, եւ թէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ներկայ չի գտնուիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստերուն, ինչպէս...

Պըրրի Ընդունեց  Վարչապետ Սալամը

Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Սալամը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը քննարկելի հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական եւ բարգաւաճման հարցերու ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն վերաբերող հարցերն ու երկրին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

Վարչապետարանին Մէջ .  «Պէտք Է Վերջ Տալ Նախագահական  Աթոռը Թափուր Պահելու Երեւոյթին»   Շեշտեց Զայէտ

Վարչապետարանին Մէջ . «Պէտք Է Վերջ Տալ Նախագահական Աթոռը Թափուր Պահելու Երեւոյթին» Շեշտեց Զայէտ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի  համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Հանդիպումէն ետք Զայէտ շեշտեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները եւ ընտրական հոլովոյթին արձանագրած յաջողութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան այս հանգրուանին կարիք ունի սահմանադրական հաստատութիւններուն...

Բարգաւաճման Եւ Վերաշինութեան Խորհուրդը Կը Հերքէ Այն Լուրերը, Թէ Աղբերը Առանց Մշակուելու Եւ Թափօններու Վերածուելու Պիտի Թաղուին Ծովուն Մէջ

Բարգաւաճման Եւ Վերաշինութեան Խորհուրդը Կը Հերքէ Այն Լուրերը, Թէ Աղբերը Առանց Մշակուելու Եւ Թափօններու Վերածուելու Պիտի Թաղուին Ծովուն Մէջ

Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ աղբերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն: Հաղորդագրութեան համաձայն. Ա) Խորհուրդը  կը հաստատէ, որ ինք պիտի գործադրէ 17 մարտ 2016-ին կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումը, որուն հիման վրայ աղբերը աւլելու, տեսակաւորելու, զանոնք մշակելու, թափօններու թաղման առողջապահական վայրի մէջ թաղելու, ծովային պատնէշը կառուցելու եւ Պուրճ Համուտի աղբակոյտի լեռը վերացնելու...

Պասիլ Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆինլանտա

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆինլանտա

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆինլանտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ֆինլանտացի իր պաշտօնակիցին` Թիմօ Սոյնիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան զարգացումները, Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն ու անոր դիմագրաւած սուրիացի գաղթականներուն հարցը` Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Սոյնի նշեց, որ լիբանանեան - ֆինլանտական յարաբերութիւնները հեզասահ են` ընդգծելով, որ իրենց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները զգուշացուց Լիբանան ուղղուելէ` նկատի ունենալով երկրին ապահովական իրավիճակը: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ Լիբանանի պահպանումը լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է, իսկ քաղաքական անձնաւորութիւններուն պարտականութիւնն է ամրապնդել անոր դիմադրողականութիւնը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ եթէ Ժաննէի ջրամբարին կենսոլորտային պայմանները փոփոխութեան ենթարկելու առիթ կայ, ապա անոնք պէտք է գործադրուին: ՆԱԽԿԻՆ...

Կառավարութիւնը Կրկին Յետաձգեց Ժաննէի Ջրամբարի Եւ Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարներուն Քննարկումը

Կառավարութիւնը Կրկին Յետաձգեց Ժաննէի Ջրամբարի Եւ Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարներուն Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի. նիստէն բացակայեցան նախարարներ Պութրոս Հարպ, Աքրամ Շեհայէպ, Արթիւր Նազարեան եւ Նուհատ Մաշնուք: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ ռամատանի առիթով շնորհաւորած է բոլորը եւ կոչ ուղղած ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին...

Վարչապետարանին Մէջ.   «Ահաբեկչութիւնը Կարելի Չէ Բնորոշել Երկրով, Կրօնով, Յարանուանութեամբ Եւ Ազգութեամբ»   Շեշտեց Ժաաֆարի

Վարչապետարանին Մէջ. «Ահաբեկչութիւնը Կարելի Չէ Բնորոշել Երկրով, Կրօնով, Յարանուանութեամբ Եւ Ազգութեամբ» Շեշտեց Ժաաֆարի

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Իպրահիմ Ժաաֆարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով: Հանդիպումէն ետք Ժաաֆարի յայտնեց, որ ինք վարչապետ Սալամին փոխանցած է նամակ մը` ուղղուած Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի կողմէ: Ժաաֆարի յայտնեց, որ ինք Սալամի հետ քննարկած է նաեւ միջինարեւելեան իրադարձութիւններն ու արաբական աշխարհին վերաբերող...

Ժեմայէլ. «Մենք Նպատակ Չունինք Ժաննէի Ջրամբարի Թղթածրարը Քաղաքականացնելու»

Ժեմայէլ. «Մենք Նպատակ Չունինք Ժաննէի Ջրամբարի Թղթածրարը Քաղաքականացնելու»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կը մերժէ Ժաննէի ջրամբարին կառուցումը, որովհետեւ այդ շրջանը ատակ չէ ջրամբարի կառուցման: «Այդ շրջանը դրախտային է եւ ջրամբարի կառուցումով կը քանդուի», ըսաւ ան`  աւելցնելով, որ ջրամբարին մասին կատարուած են երեք ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ երկուքին համաձայն փաստուած է,  թէ այդ ծրագիրը անօգուտ է եւ կենսոլորտային չափանիշները կը խախտէ:...

Հարիրի. «Ես Պատասխանատու Եմ Ընտրութիւններուն Արդիւնքներուն»

Հարիրի. «Ես Պատասխանատու Եմ Ընտրութիւններուն Արդիւնքներուն»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ չափաւորականութիւնը, ազգային միասնականութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը, երկխօսութիւնն ու եղբայրութիւնը պարզապէս բառեր չեն, այլ` իրականութիւն, առօրեայ, ընկերային ու քաղաքական պայմաններ եւ մարդկութիւն, որոնք «իմ պատասխանատուութեանս հիմքերը կը կազմեն»: Հարիրի յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրեն համար ներկայացուցած են առիթ մը` ներքին վերաքննութիւն կատարելու եւ քաղաքական ու...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կը Մերժէ Ռիատ Սալամէի Կեցուածքները

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կը Մերժէ Ռիատ Սալամէի Կեցուածքները

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Դիմադրութեան դէմ որդեգրուած դրամատնային պատժամիջոցները պիտի չկարենան Հըզպալլայի թեւը ոլորել եւ իրենց նկատմամբ անոր կեցուածքները փոխել տալ: «Հըզպալլա մնայուն կերպով պիտի պահէ իր կեցուածքները Միացեալ Նահանգներուն հանդէպ` նկատի ունենալով Իսրայէլի նկատմամբ անոնց զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը: Եթէ ամերիկեան վարչակազմը...

Պասպուս. «Մենք Պատրաստ Ենք Պահպանելու Երկրին Եւ Քաղաքացիին Անվտանգութիւնը»

Պասպուս. «Մենք Պատրաստ Ենք Պահպանելու Երկրին Եւ Քաղաքացիին Անվտանգութիւնը»

Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 155-ամեակին առիթով` նշեալ կառոյցի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս շնորհաւորեց ներքին ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները: Պասպուս նշեց, որ այդ կառոյցին հիմնադրութեան տօնը կը զուգադիպի նաեւ ռամատանին, եւ այդ առիթով եւս ան շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ երկիրը կը մնայ խաղաղ եւ ապահով: Պասպուս նկատել տուաւ, որ իրենց համար խաղաղութեան պահպանումը եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան ապահովումը հիմնական նպատակներ...

Page 829 of 986 1 … 828 829 830 … 986

Արխիւներ