Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ժրէյժ յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ սուրիացի գաղթականներուն հոսքը դէպի Լիբանան, Թուրքիա եւ Յորդանան, ինչպէս նաեւ այդ հարցին լուծման հեռանկարները:
Ժրէյժ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ: