Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամի Կարծիքով` Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախարարներուն Հրաժարականը Սխալ Մըն Է

June 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_shorter_61516

Մինչ նախարարական աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը համազօր է արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հրաժարականին, վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի հրաժարականը սխալ մը կը նկատուի` հաստատելով, որ կարելի չէ երկրին ընթացքը խանգարել, ինչ ալ ըլլան պատճառները:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 56 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Կը նախատեսուի նաեւ, որ քննարկուի Պետական անվտանգութեան կառոյցի պետի նշանակման հարցը: Այս ծիրին մէջ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, երէկ կառավարութեան յղեց իր տեղակալին` գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Թուֆայլիի պաշտօնէ արձակման խնդրագիրը:

Միւս կողմէ, Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շորթըր շեշտեց, որ վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումը լաւ ընթացած է` աւելցնելով, որ ան մեծ աշխատանք կը տանի` երկրին դիմագրաւած դժուար կացութեան ընթացքին:

«Մենք կը զօրակցինք վարչապետ Սալամին եւ համաձայն ենք անոր հետ` անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու իմաստով», ըսաւ Շորթըր` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւնները պատասխանատու են ունենալու արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ խորհրդարանին կողմէ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը:

Շորթըր խստիւ դատապարտեց «Պլոմ» դրամատան դէմ գործուած պայթումը` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու են պաշտպանելու լիբանանեան դրամատնային մարզը:

Վարչապետ Սալամի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Զիատ Քատիրի, Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյս եւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի նոր դեսպան Լի Եոնկ Ման:

Նախորդը

Պըրրի. «Համամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրինագիծը Վերածուած Է Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Յարմար Օրէնքին»

Յաջորդը

Ղարաբաղ` Սպասուած Յաղթանակը (Ա. Մաս)

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.