Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան  ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ Միլհեմ Ռիաշին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ հաստատեց, որ տասնամեակէ մը ի վեր Լիբանանին դէմ արձանագրուած բոլոր սադրանքներուն պատճառը 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակն է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք հաստատեց, որ կառավարութեան ընդմէջէն ընդդիմադիր կեցուածքի որդեգրումը շատ աւելի շահաւէտ է, քան` անկէ բացակայիլն ու հաւասարակշռութիւնը խախտելը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ շուրջ տարի մըն է, որ կառավարութիւնը ժողովուրդին համար ձախողած մարմին մը կը նկատուի` աղբերու տագնապին եւ անոր ձախող լուծման լոյսին տակ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յոյս յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականը խորհրդարանը մղէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ տեղական առումով ոչինչ կրնայ ազդել նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումին վրայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի հաստատեց, որ իրենք չեն կրնար գործակից դառնալ` կառավարութեան փտածութիւնը եւ ապօրինի համաձայնագիրները ծածկելու արարքներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ հրաժարած նախարարի մը կողմէ իր սովորական աշխատանքները շարունակելու ընթացքը հակասահմանադրական է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարներուն հրաժարականները կը մնան ձեւական, եթէ անոնք շարունակեն իրենց աշխատանքները ամէնօրեայ դրութեամբ կատարել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը կառավարութեան գործունէութիւնը շարունակելու միակ պատճառն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղեր շեշտեց, որ կառավարութիւնը պետութեան փտածութիւնը մարմնաւորող խմբակցութիւն մըն է եւ անոր քանդումը պիտի արագացնէ նախագահական ընտրութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, ապահովական իմաստով Լիբանանի կացութիւնը հետզհետէ կ՛ուղղուի դէպի անապահովութիւն:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերուն համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ 7 հոգի ձերբակալուած է` օդին մէջ կրակելու պատճառով:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Ասաատ Հարմուշ շեշտեց, որ Արսալ լքուած է եւ լուսանցքայնացած, որովհետեւ ան զօրակցած է սուրիացի ժողովուրդին յեղափոխութեան:

Նախորդը

«Սուրիոյ Նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Համբերութիւնը Կը Սպառի» Կ՛ըսէ Քերրի

Յաջորդը

Ժրէյժ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.