Ֆիթրի Տօնին Առիթով Պըրրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ շեշտեց, թէ հակառակ բոլոր փորձանքներուն եւ շրջուն ահաբեկչութեան,...
















