Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ ամէն բան նոյն ձեւով շարունակուի, ապա բոլոր հաստատութիւնները պիտի տուժեն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու իմաստով տակաւին կարելի չէ հորիզոններ նշմարել:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերուն հանդէպ վստահութիւնը մեծ է` ահաբեկչական բջիջները բացայայտելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ինք համաձայնութիւն մը գոյացուցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` համաձայնութիւն յայտնելու միայն ընտրական խառն օրինագիծին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ բնակեցում բառը Լիբանանի կամ լիբանանցիներուն բառարանին մէջ գոյութիւն չունի: «Սուրիացի գաղթականներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու Պոլսոյ որոշումը վտանգաւոր է, իսկ գաղթականներուն բնակեցումը սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիր մըն է», ըսաւ ան:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը տնօրինելու առումով, դրական քայլ մը կը նկատուի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ քարիւղի թղթածրարին պարագային արձանագրուած յառաջդիմութիւնը յուսադրիչ երեւոյթ է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները երկրին ապահովութեան ուժերուն կարողութիւններուն վրայ որակական յաւելում մը կատարած են, որովհետեւ ապահովութեան ուժերը ընտրութիւնները կայուն մթնոլորտի մը մէջ կազմակերպած են` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին զուգահեռ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պշարա Մըրհեժ յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար իրենք կարիքը ունին փորձառութիւններու, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին զօրակցութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպումի մասին տակաւին ոչինչ յստակացած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց իրականացնելու արդար ընտրական օրինագիծ մը, որ հիմնուած կ՛ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Խալիլ Հըրաուի շեշտեց, որ հիւսիսային Պեքաայի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով Լիբանանեան  ուժեր կուսակցութեան գործակցութիւնն ու համադրումը Ղովմի կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի հետ ողջունելի էր, յատկապէս բանակին նեցուկ կանգնելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր հաստատեց, որ պէտք է յանձնառու մնալ պետական ծրագիրին եւ մնայուն կերպով գրաւ դնել զինուորական հաստատութիւններուն վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Քաայի մէջ Լիբանանեան ուժերը ինքնուրոյն ապահովութիւն չեն կիրարկած, այլ` օժանդակած են լիբանանեան բանակին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ քարիւղի թղթածրարը լիբանանեան պետութեան համար հիմնական եւ առողջ թղթածրար մըն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ հաստատեց, որ երկխօսութիւնները առիթ կու տան սահմանադրութեան տէր կանգնելու իմաստով քաղաքական համաձայնութիւններ գոյացնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա իսկապէս կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, ապա ան պէտք է քաջալերէ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ անվտանգութեան համադաշնակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու` վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր դրութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկանը լուրջ մտահոգութիւններ ունի քրիստոնեայ համայնքի կացութեան վերաբերեալ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ քարիւղի թղթածրարը ոչ մէկ կապ ունի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին հետ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ անցեալ շաբթուան կիսուն Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանին հետ:

 

Նախորդը

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը Կրնայ Տեղի Ունենալ Նախատեսուածէն Շուտ

Յաջորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Զօր. Քահուաժիէն Պահանջեց Երկրին Սահմաններուն Վրայ Յաւելեալ Ապահովութեան Ուժեր Տեղակայել

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.