Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կարիքը Ունի Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ազգային Ռազմավարութեան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

July 2, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nassrallah-2-TV_70116

Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ գոյութիւն ունին արաբական այնպիսի թագաւորութիւններ եւ վարչակարգեր, որոնք կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն, աւելցնելով, որ իմամ Խումէյնիի կողմէ Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան յայտարարութեան նպատակը եղած է Պաղեստինեան դատը կենդանի պահել եւ անոր արդար լուծումը պահանջել:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այս օրուան առիթով մեր իրաւունքն է ըսել, որ Պաղեստինեան հողերը բռնագրաւուած եւ թալանուած են թշնամի Իսրայէլին կողմէ, որ մնայուն կերպով իր բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը կը գործադրէ պաղեստինեան հողերուն եւ պաղեստինցիներուն դէմ:

Անդրադառնալով Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւններուն սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Քաայի մէջ անձնասպանական գործողութիւններ կատարող հեղինակները Մաշարիհ Քաայէն չէ, որ հասած են Քաա, այլ` Արսալի բարձունքներէն:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ եթէ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ չպայքարէր, ապա Լիբանանի մէջ օրական դրութեամբ 8 անձնասպանական գործողութիւններ պիտի արձանագրուէին` լիբանանեան տարբեր գիւղաքաղաքներու մէջ, իսկ ականուած մէկ ինքնաշարժի փոխարէն ականուած տասնեակ ինքնաշարժներ պիտի գտնուէին լիբանանեան զանազան քաղաքներու մէջ: «Առանց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ճիգերուն եւ Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ մէջ մղուած պատերազմին, ապա շրջանին մէջ ահաբեկչական հրէշներ պիտի գոյանային եւ անկարելի պիտի ըլլար անոնց դիմաց Լիբանանի սահմանները փակ պահել», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն, որ չարտօնեն ոչ ոքի զիրենք յուսալքելու, երկիւղի մատնելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը խոցելու:

«Լիբանանցիները եւ շրջանի բոլոր բնակիչները պէտք է վստահին լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութեան ուղեգիծը սկսած է Լիբանանի, Պաղեստինեան հողերուն եւ շրջանին մէջ յաղթանակներ կերտել: Ան նշեց, որ Սուրիոյ, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի պարտութեան մատնելու Դիմադրութիւնը, սակայն ի զուր:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը ապահովութեան ուժերուն հակակշիռին տակ կը գտնուի, սակայն Լիբանան կարիքը ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան մը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք Քաայի եւ բոլոր շրջաններու բնակիչներուն անվտանգութեան պիտի հսկեն եւ բանակին կողքին պիտի կանգնին` պաշտպանելու համար շրջանները, սահմաններն ու լիբանանցիները:

Ան խոստացաւ, որ լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններէն ոչ ոք արտագաղթի պիտի դիմէ:

 

 

Նախորդը

Մուքպել Զօր. Աունի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Բանակին Դերակատարութեան Եւ Ապահովական Կացութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանան Բաւական Դժուար Հանգրուան Մը Կը Դիմագրաւէ» Շեշտեց Քաակ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.