
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Ֆանար, ուր ան նշեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին լիբանանցիները իրենց խօսքը ըսած են, հետեւաբար քաղաքապետական խորհուրդները պէտք է դառնան բոլորին սեփականութիւնը եւ անցնին աշխատանքի` բարգաւաճեցնելու համար լիբանանեան շրջանները եւ ծառայելու համար քաղաքացիներուն հանգստութեան:
Քանաան անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող շարք մը հարցերու, որոնցմէ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, որ փշոտ հարց մըն է եւ կարիքը ունի լուրջ որոշումներու:
«Քաայի մէջ արձանագրուած ապահովական ցնցումները բոլորիս կը պարտադրեն կառավարութենէն պահանջել` բանակին զօրակցելու, որովհետեւ բանակը միակ հաստատութիւնն է, որ կը պաշտպանէ սահմանները եւ կ՛երաշխաւորէ երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը:


