Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 2, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ Պաքալորէայի պետական քննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին այսօր:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական միտքերը նոյն մետաղին երկու երեսներն են:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Պաալպէքի առաջնորդ Էլիաս Ռահհալ եպիսկոպոսը պահանջեց փակել բոլոր անցքերը, ուրկէ ահաբեկիչներ եւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ մուտք կը գործեն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի անդամ միւֆթի շէյխ Ապպաս Զղայպ կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու լիբանանեան բանակին եւ զօրակցելու Դիմադրութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը տեղակայուած են ամբողջ Հարաւային արուարձաններուն մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթըն Հոթի հետ քննարկեց լիբանանեան-գերմանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը պիտի չփոխէ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ պէտք է վստահիլ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ պահող լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերու կարողութիւններուն: Ան հաստատեց, որ իրենք իրարանցումի պիտի չմատնուին, այլ` հարցերուն հետ պիտի վարուին կատարեալ լրջութեամբ:

ԻՐԱՆԵԱՆ յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար զօր. Հիւսէյն Սալամի յայտնեց, որ 100 հազար հրթիռ պատրաստուած է` Իսրայէլը ռմբակոծելու Լիբանանէն:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի շեշտեց, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ոստիկան դառնայ, եւ անծանօթ մը նշմարելու պարագային` հետապնդէ անոր ինքնութիւնը:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ լիբանանեան բանակէն եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց Քաան պաշտպանելու համար որոշ միջոցառումներու դիմել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական օրէնք մը եւ արագացնելու երկրին իշխանութեան աշխատանքային ընթացքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Ապու Խաթեր խստիւ դատապարտեց Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնը, հաստատելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է վերջնական կեցուածք մը ճշդէ եւ որոշէ սուրիացի գաղթականներուն ճակատագիրին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ իրենց մտահոգութիւնները պիտի չփարատին, եթէ Մաշարիհ Քաայի մէջ սուրիացի գաղթականներուն հարցը անլոյծ մնայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ այլեւս կարելի չէ հանդուրժել սուրիացի գաղթականներու իրավիճակին, աւելցնելով, որ անոնց նկատմամբ յստակ որոշումներ պէտք է տրուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ կանխամտածուած ահաբեկչութիւնը քաղաքական ընդհանուր ուղղութիւն մըն է, որ թիրախ կը դարձնէ երկիրներու միասնականութիւնը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ կը մարզուին անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ:

«ՈՒԱԹԱՆ» սուրիական օրաթերթին համաձայն, Քաայի պայթումները մաս կը կազմեն բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Լիբանանի դէմ յառաջիկայ օրերուն պիտի արձանագրուի ապահովական ցնցիչ դէպք մը:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ծրագիրները կը կեդրոնանան քրիստոնեաները թիրախ դարձնելու եւ Լիբանանի մէջ ապահովական մեծ աղմուկ մը յառաջացնելու վրայ:

 

Նախորդը

Սոչիի Մէջ Չաւուշօղլու-Լաւրով Հանդիպում

Յաջորդը

Քանաան. «Պէտք Է Պահանջել Կառավարութենէն` Զօրակցիլ Բանակին»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.