
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան եւ ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:
Մուքպել հաստատեց, որ բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած է, ինչպէս նաեւ ամրապնդած երկրին ապահովական իրավիճակը:
«Բանակը գիշեր-ցերեկ կը հսկէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովութեան, հետեւաբար, կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւնները պէտք չէ իրարանցումի մատնէ լիբանանցիները, որովհետեւ բանակը կազմ ու պատրաստ կը հսկէ», ըսաւ ան:
Մուքպել յայտնեց, որ կառավարութիւնը տակաւին ոչ մէկ յստակ որոշում տուած է սուրիացի գաղթականներուն մասին, աւելցնելով, որ այդ հարցը բարդ է եւ իրենք չորս ամիսէ ի վեր կը քննարկեն այդ հարցին լուծման կարելիութիւնները:
Մուքպել ընդգծեց, որ Քաան թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութիւնները կատարող ահաբեկիչները Լիբանան եկած են սուրիական սահմանամերձ շրջաններէ: «Լիբանանեան բանակը պատրաստ է պաշտպանելու երկիրն ու քաղաքացին, սակայն ան կարիքը ունի քաղաքականութենէն չէզոքացուելու, որպէսզի կարենայ իր պարտականութիւնները լիովին կատարել», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, զօր. Աունին այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին, որ համախմբումի նախագահը տեղեակ պահեց Ժահժահի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքներէն:


