
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ` Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի եւ Յակոբ Թերզեանի, այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Պէյրութ քաղաքին հետ առնչուող խնդիրներ, որոնց կարգին` հայկական թաղամասերուն հետ կապուած հարցեր: Քննարկուեցաւ նաեւ աղբերու հարցի լուծման օրակարգով Պէյրութի նահանգապետութեան պատասխանատուութիւնը եւ անհրաժեշտ դերակատարութիւնը:
Նահանգապետ Շպիպ կարեւոր նկատեց հայ համայնքին հետ յաւելեալ գործակցութիւնը եւ յայտնեց Պէյրութի նահանգապետարանին մէջ հայ պաշտօնեաներ ունենալու իր պատրաստակամութիւնը:
Յ. Բագրատունի Ընդունեց
Մինայի Քաղաքապետը
Միւս կողմէ, երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընդունեց Մինայի նորընտիր քաղաքապետ Ապտել Քատեր Ալամէտտինը, որուն կ՛ընկերակցէր Թրիփոլիի ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեան:
Քաղաքապետը բարձր գնահատեց Մինայի հայութեան մասնակցութիւնը քաղաքապետական եւ թաղապետական վերջին ընտրութիւններուն ու խոստացաւ առաւելագոյն ճիգ ի գործ դնել շրջանի կարիքները հոգալու եւ համայնքին դերակատարութիւնը ամրապնդելու համար:


