
Լիբանանի փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ պաշտօնական այցլութեամբ մը մեկնեցաւ Յունաստան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Փանոս Քամինոսին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, բանակին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն տունդարձին վերաբերող առաջարկը, որուն հիման վրայ Լիբանան անհրաժեշտ կը նկատէ անոնց տունդարձը, նկատի ունենալով, որ զանոնք հանդուրժելու եւ անոնց կարիքները հոգալու Լիբանանի կարողութիւնները սպառած են:
Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս զինուորական մարզին մէջ գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրը ստորագրելու առումով:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մուքպել հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը կարիքը ունի զօրակցութեան եւ զէնքի, որպէսզի շարունակէ պայքարիլ երկրին դէմ ծառացող վտանգներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ:
«Բանակը պատրաստ է յաւելեալ զոհողութիւններով պաշտպանելու Լիբանանն ու լիբանանցիները», շեշտեց ան:
Մուքպել շեշտեց, որ Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոգատարութեան համար նիւթական օժանդակութիւն չի պահանջեր, այլ` կը փափաքի անոնց ապահով տունդարձը ապահովել:
Իր կարգին Քամինոս շեշտեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները կ՛ենթադրեն միջազգային գործակցութիւն` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան:
Ան հաստատեց, որ մարդկային վերաբերումի եւ մարդասիրութեան մէջ Լիբանան օրինակելի տիպար մըն է:


