Լիբանանեան

Էյրօ Այսօր Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Կը Հասնի Լիբանան

Էյրօ Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Հասնի Լիբանան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը հասնի Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներու եւ պետական այլ պաշտօնատարներու հետ: Լիբանանեան քաղաքական կողմերը արդէն իսկ մեծ յոյսերով չէին զինուած Էյրոյի կատարելիք այցելութեան առիթով, սակայն անոր զուգահեռ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Էյրոյի Պէյրութ ժամանումէն 72 ժամ առաջ պաշտօնապէս յայտնեց,...

պըրրի. «նախագահական ընտրութեան  եւ քարիւղի թղթածրարները  իրարու հետ կապ չունին»

պըրրի. «նախագահական ընտրութեան եւ քարիւղի թղթածրարները իրարու հետ կապ չունին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած այցելութիւնը Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն մըն էր, որ սովորական է: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, աւելցնելով, որ զօր. Աուն մաղթած է 2, 3 եւ 4 օգոստոսին Ազգային երկխօսութեան նիստին գումարելիք եռօրեայ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կարելի ըլլայ համաձայնութիւններ գոյացնել: Պըրրի հաստատեց...

«Քարիւղի Արտահանման Առումով  Լիբանան Շատ Արագ Պէտք Է Շարժի»    Ըսաւ Արթիւր Նազարեան

«Քարիւղի Արտահանման Առումով Լիբանան Շատ Արագ Պէտք Է Շարժի» Ըսաւ Արթիւր Նազարեան

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ քարիւղի հանքերու պեղման եւ քարիւղի ու բնական կազի արտահանման առումով Լիբանան շատ արագ պէտք է շարժի: Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հանքերուն մասին աճուրդի գործընթացը պէտք է անմիջապէս սկսի, աւելցնելով, որ աճուրդը չենթադրեր, որ ընկերութիւնները քարիւղի այս կամ այն հանքը ընտրելու իրաւունք պիտի ունենան:...

Աւստրալիոյ Մէջ   Լիբանանցի Մը Կը Սպաննէ Իր Կինը

Աւստրալիոյ Մէջ Լիբանանցի Մը Կը Սպաննէ Իր Կինը

Տօնական մթնոլորտին զուգահեռ, Լիբանան անցեալ շաբաթ ապրեցաւ ողբերգական պահեր` տարբեր շրջաններուն մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածներու եւ անոնց պատճառած զոհերուն համար: Այդ իրականութեան կողքին, շաբաթավերջին հնչեց նաեւ այլ տեսակի գոյժ մը, այս անգամ սակայն Աւստրալիայէն, ուր լիբանանցի մը սպաննեց իր կինը: Տըննիէի Ասուն գիւղէն Պասսամ Ռաատ անունով լիբանանցի մը, որ պսակուած էր Զէյնապ Մահմուտ Թալեպի հետ, սպաննեց իր կինը եւ ապա...

Սայտայի Հին Փողոցներուն Մէջ Զինեալ Բախումներ

Սայտայի հին փողոցներուն մէջ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք խախտեցին Սայտայի ապահովական կայունութիւնը, սարսափեցնելով շրջանին բնակիչները: Սայտայի երեսփոխան Պահիա Հարիրի Մաժտալիունի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան հարաւային Լիբանանի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Խտըր Համմուտը, որուն ներկայութեան ան յայտնեց, որ Սայտայի բնակչութեան ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է: Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք կը զօրակցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ իրենք մաս կը կազմեն կառավարական կազմի մը, որ բաղկացած է պահակներէ, որոնց պարտականութիւնն է հսկել պետական հաստատութիւններուն: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն թողած վէրքերն ու հետքերը պէտք է շրջանցել: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ...

Ֆիթրի Տօնին Առիթով.   Զօր. Աուն Շնորհաւորեց  Պըրրին Եւ Տըրիանը

Ֆիթրի Տօնին Առիթով. Զօր. Աուն Շնորհաւորեց Պըրրին Եւ Տըրիանը

Զօր. Աուն Տար Ֆաթուայի մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ֆիթրի տօնին առիթով ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա, ուր ան շնորհաւորեց Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը: Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանին փոխանցած է իր բարեմաղթութիւնները` յարգելով իրարու այցելելու եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը պահպանելու լիբանանեան սովորութիւններն ու աւանդութիւնները: Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար բազմազանութիւնն ու...

Ճիորճինի. «Էյրոյի Պէյրութ Այցելութեան  Նպատակն Է Ամբողջական  Զօրակցութիւն Յայտնել Լիբանանին»

Ճիորճինի. «Էյրոյի Պէյրութ Այցելութեան Նպատակն Է Ամբողջական Զօրակցութիւն Յայտնել Լիբանանին»

Ալեքսանտր Ճիորճինի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Ճիորճինի շեշտեց, որ 11-12 յուլիսին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց  նախարար Ժան Մարք Էյրոյի Պէյրութ այցելութեան նպատակն է ամբողջական զօրակցութիւն յայտնել Լիբանանին: Ճիորճինի շեշտեց, որ Էյրօ լիբանանցի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկէ Փարիզի զօրակցութիւնը Լիբանանին, որ հաստատութենական սառած իրավիճակ մը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները կը դիմագրաւէ: Ճիորճինի նշեց, որ Էյրօ...

Մաքքէի Մէջ.  Վարչապետ Սալամ Զօրակցութիւն  Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ

Մաքքէի Մէջ. Վարչապետ Սալամ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Սէուտական Արաբիոյ

Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կ՛ընդունի վարչապետ Սալամը Վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ուղղուած էր Մաքքէ` ուխտագնացութեան, Մաքքէի թագաւորական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ անոր ընտանեկան անդամներուն հետ, ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, խստիւ դատապարտելով անոր սրբավայրերը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները: «Լիբանան...

Միւֆթի Տըրիան. «Կը Վստահինք Բանակին  Եւ Կը Մերժենք Ինքնուրոյն  Ապահովութեան Սկզբունքը»

Միւֆթի Տըրիան. «Կը Վստահինք Բանակին Եւ Կը Մերժենք Ինքնուրոյն Ապահովութեան Սկզբունքը»

Միւֆթի Տըրիան քարոզի պահուն Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց բարեգործութեան, գնահատելով իսլամականներուն կատարած ծոմապահութիւնը: Ան շեշտեց բարիին ձգտելու, խաղաղութիւն պահանջելու եւ բռնարարքներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը, հաստատելով, որ Լիբանան պէտք է ինքզինք զանց կացուցէ շրջանային տագնապներէն: Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի պետական կառոյցները...

Ռայի Պատրիարք. «Կը Մերժենք Լիբանանի Մէջ  Սուրիացի Եւ Պաղեստինցի  Գաղթականներուն Բնակեցումը»

Ռայի Պատրիարք. «Կը Մերժենք Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, Օրէյնճ Քաունթի նահանգի Մար Եուհաննա եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց պատարագի մը, որուն ընթացքին հաստատեց քրիստոնեայ համայնքը Միջին Արեւելքի մէջ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ Լիբանանի իրավիճակը Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներէն աւելի լաւ է, յայտնելով, որ անոր գաղտնիքը իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան մէջ կարելի է գտնել: Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենէն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն ստացած ցաւակցագիրներուն պատասխանելով հաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ, անոր բոլոր ձեւերուն մէջ եւ ինչ ալ ըլլան պայմանները: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին հետ հանդիպում ունենալէ ետք յայտնեց, որ կարելի չէ ըսել, թէ նախագահական ընտրութեան...

Մամլոյ Արձակուրդ

Ֆիթրի տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքային որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 7 եւ ուրբաթ, 8 յուլիս 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 9 յուլիսին:

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ամերիկացի  Եւ Ֆրանսացի Դիւանագիտական Պաշտօնատարներ

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ամերիկացի Եւ Ֆրանսացի Դիւանագիտական Պաշտօնատարներ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Տենի Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետ Սալամին այցելեց նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան տագնապներու գրասենեակի պատասխանատու դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որ քննարկեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք էյրոյի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները: Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ աշխատանքի նախարար Սըժաան...

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ  Սէուտական Արաբիան Թիրախ  Դարձուցած Ահաբեկչութիւնը

Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Սէուտական Արաբիան Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, խստիւ դատապարտելով Սէուտական Արաբիոյ մէջ մզկիթները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց Սէուտական Արաբիան ցնցած ահաբեկչութիւնները` շեշտելով, որ անոնց նպատակն է սրբավայրերու պղծումն ու համայնքային սադրանքներու հրահրումը: Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած դատապարտագիրին մէջ Սէուտական Արաբիոյ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ: Ներքին գործոց նախարար...

Մուքպել Յունաստանի Խորհրդարանի  Նախագահին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Իրադարձութիւնները

Մուքպել Յունաստանի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ շարունակեց Յունաստան կատարած իր այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքոս Վուցիսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի զարգացումները, երկրին սպառնացող վտանգները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբակներուն կողմէ Լիբանան ներխուժելու փորձերը, որոնց կը դիմադրէ լիբանանեան բանակը: Մուքպել եւ Վուցիս քննարկեցին նաեւ լիբանանեան-յունական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ընդգծելով...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Կառավարութեան Մէջ Մեր Ներկայութիւնը  Պարտադիր Է, Նկատի Ունենալով  Նախագահական Թափուր Աթոռի Դրութիւնը»   Շեշտեց Տըրպաս

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կառավարութեան Մէջ Մեր Ներկայութիւնը Պարտադիր Է, Նկատի Ունենալով Նախագահական Թափուր Աթոռի Դրութիւնը» Շեշտեց Տըրպաս

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Տըրպաս կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց շէյխ Տըրիանի ազգային պատուաբեր կեցուածքներուն, որոնք իսկական իսլամականութիւնը կը դրսեւորեն: Տըրպաս խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ մզկիթ մը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու արարքը: Տըրպաս շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ իրենց ներկայութիւնը այս հանգրուանին պարտադիր է` նկատի ունենալով նախագահական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց բարձրացնելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ համադրումի մակարդակը` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Սամիր Համմուտ շեշտեց, որ Քաան ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած անձնասպանական գործողութեան բոլոր հեղինակները սուրիացիներ են, աւելցնելով, որ Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող կարգ մը արգելափակեալներ ճանչցած են զանոնք: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց,...

Ֆիթրի Տօնին Նախօրեակին` Ներքին  Ապահովութեան Ուժերը Կազմ  Ու Պատրաստ Կը Հսկեն Լիբանանին

Ֆիթրի Տօնին Նախօրեակին` Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կազմ Ու Պատրաստ Կը Հսկեն Լիբանանին

Ամբողջ շրջանը, որուն մէջ նաեւ Լիբանանը հարուածած ահաբեկչութան եւ վայրագութիւններուն շրջագիծին մէջ, շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի  տեղեկութիւններ, թէ Ֆիթրի տօնին պիտի զուգադիպին պայթումներ, անձնասպանական գործողութիւններ եւ այլն: Մէկ խօսքով` ահաբեկչական արարքներ, որոնք կը միտին երկրին անդորրը խանգարել եւ լիբանանցիները ահուդողի մատնել: Սակայն կեանքը սիրող եւ ահաբեկչութենէն չսարսափող լիբանանցին շարունակեց իր առօրեան եւ անցնող շաբաթավերջը սովորական ծրագիրներով անցընելէ ետք, ան` թէեւ...

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Ըլլայ  Երկարատեւ, Սակայն Յաղթելու Համար  Պէտք Չէ Անձնատուր Ըլլալ»   Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Ըլլայ Երկարատեւ, Սակայն Յաղթելու Համար Պէտք Չէ Անձնատուր Ըլլալ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յայտնեց, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի, նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող անապահով կացութիւնը: Վարչապետ Սալամ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս իսլամները, մաղթելով, որ կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած այս դժուար կացութիւնը անցընել` պահպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: «Այս առիթով մենք կը խոնարհինք մեր նահատակներուն յիշատակին դիմաց, նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց կեանքը զոհեցին...

Page 822 of 986 1 … 821 822 823 … 986

Արխիւներ