
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շաբաթ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պաքալորէայի պետական քննութեան արձանագրուած արդիւնքներուն հիման վրայ կարելի է յայտարարել, թէ այդ քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնը 78,99 առ հարիւր է:
Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած լաւագոյն 10 աշակերտները:
Ապու Սաապ ընդգծեց նաեւ, որ պրէօվէի վերաքննութիւնը պիտի կայանայ 29 յուլիսին, իսկ պաքալորէայինը` 4 օգոստոսին:
Կրթութեան նախարարը հաստատեց, որ կրթական մարզին, պետական քննութիւններուն եւ նուաճումներ արձանագրած աշակերտներուն յաւելեալ հոգատարութիւն պէտք է ցուցաբերել:
Ապու Սաապ շեշտեց նաեւ, որ պետական քննութիւններուն առումով զեղծարարութիւն կատարած չորս պատասխանատուներ ձերբակալուած են, ինչպէս նաեւ շարք մը ուրիշներ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին, «իսկ այն աշակերտները, որոնք ընդօրինակութիւն կատարած են, վերաքննութեան իրաւունքէն պիտի զրկուին», ըսաւ Ապու Սաապ:
Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները արձանագրելու պետական ճանաչում ունեցող դպրոցներու մէջ, շեշտելով, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին պետական ճանաչում չունեցող դպրոցներուն աշակերտները պիտի զրկուին պետական քննութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն:


