
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին կուսակցութիւնը բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջեց Լիբանանի սահմաններուն վրայ յաւելեալ ապահովութեան ուժեր տեղակայել, սկսեալ Քաայէն:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովութեան օրինական ուժերն են միայն, որոնք կ՛երաշխաւորեն սահմանային կայունութիւնը եւ կարողութիւն ունին երկրին քաղաքական իշխանութեան հրահանգները գործադրելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները պահպանելու:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խստիւ մերժեց ինքնուրոյն ապահովութեան տրամաբանութիւնը, հաստատելով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ կառավարութիւնը դարձեալ փաստած է, թէ իրեն կառավարողը քաղաքական նեղլիկ շահերն են` նոյնիսկ երբ երկիրը հսկայ փորձանքներու դիմաց կը գտնուի:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը մերժեց ընդունիլ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստէն պետական անվտանգութեան պետին բացակայութիւնը:


