
Վստահելի աղբիւրներ նախորդ օրերուն շեշտեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անցեալ չորեքշաբթի գիշեր հանդիպում մը ունեցած են Ժողովրդավարական պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի բնակարանին մէջ:
Նոյն աղբիւրները հաստատած են, որ հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուած է ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը, յարմարագոյն օրէնքը նկատելով համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն համախառնող ընտրական օրինագիծը:
Ժոմպլաթ եւ Ժահժահ կարեւոր նկատեցին նաեւ, որ ընտրական խառն օրէնքին համաձայն գտնուի նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքը:
Երկու ղեկավարները ընդգծեցին նաեւ Լեռնալիբանանի մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, երաշխաւորելու համար այդ շրջանին մէջ տիրող անդորրը:
ՆՇԵՆՔ, որ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ քանի մը օր առաջ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ, որուն հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները:


