
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց քարիւղի պեղման եւ արտահանման թղթածրարին մասին Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:
Ա. Նազարեան նշեց, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ նախարարաց խորհուրդը կրնայ արագացնել քարիւղը պեղելու աշխատանքային քայլերուն շուրջ տրուելիք որոշումները:
Նախարար Նազարեան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն արագացնելու քարիւղի թղթածրարին մասին համաձայնութիւնը, շեշտելով, որ քարիւղի պեղումն ու արտահանումը Լիբանանի համար մեծ բարիքներ պիտի ունենայ, յատկապէս տնտեսական առումով, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած ելեկտրական հոսանքի տագնապը լուծելու իմաստով:


