Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Մեքքէ, ուր ան դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին իֆթարի հիւրը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ երբ քաղաքական որոշ կողմի մը արտօնուի ինքնուրոյն ապահովութիւն ունենալ, ապա այդ իրականութիւնը կ՛ենթադրէ, որ բոլոր կողմերը ստանան ինքնուրոյն ապահովութիւն ունենալու իրաւունք:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ հիւսիսային Պեքաայի բնակիչները իրենց հողէն պիտի չհրաժարին, աւելցնելով, որ այդ շրջաններէն քրիստոնեայ քաղաքացիները կարելի պիտի չըլլայ արտագաղթի մղել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանան հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարի մէջ կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիներուն դիմաց կայ միայն մէկ ճար` համաձայնութիւն գոյացնել ազգային բաց երկխօսութեան շուրջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Աուն շեշտեց, որ կայ լիբանանեան քաղաքական հիմնական խմբաւորում մը, որ կը ձգձգէ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին արմատական լուծումը:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան հրաժարեալ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ժողովուրդին շահերը չի մերժեր, աւելցնելով, որ երբ նախարարին կարիքը կը զգացուի, ապա ան պատրաստ է: Հաքիմ հաստատեց, որ իրենք քաղաքականութենէն չեն հրաժարած:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու լիբանանեան խորհրդարանին մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած փաթեթային ծրագիրը հազուագիւտ առաջարկ մըն է` լիբանանեան պետութիւնը իր դիմագրաւած անիշխանութեան իրավիճակէն դուրս բերելու:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, սակայն պէտք է վստահիլ երկրին ապահովական կառոյցին, որ բաւական հզօր է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ ահաբեկիչները կը ջանան Լիբանանի հիւսիսարեւելեան շրջանը վերածել իրենց ապահովական խարիսխին եւ իրենք իրենց համար ստեղծել անցք մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ շեշտեց, որ պէտք է միասնական գտնուիլ եւ լիբանանեան բանակին շուրջ համախմբուիլ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարը հիմնական է երկրին քաղաքական տագնապին լուծման համար:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց պաղեստինցի գաղթականներուն զօրակցիլ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Քաայի անձնասպանական գործողութիւններուն նպատակը հաւանաբար ահաբեկիչներուն համար ապահով անցք մը ստեղծելու նպատակով եղած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ նշեց, որ երկրի մը մէջ երբ զէնքն ու զինամթերքը կը շատնան, ապա այդ երկրին փորձանքներն ալ կը բազմանան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յոյս յայտնեց, որ քարիւղի եւ բնական կազի արտահանման առումով գոյացած համաձայնութիւնը իր բարիքները տեղացնէ նաեւ երկրին ելեկտրական հոսանք հայթայթումին համար:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ Նասրէտտին Ղարիպ ընդունեց Ժարամանայի հոգեւոր պետերու մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց յայտնեց, որ սուրիական բանակը` Պաշշար Ասատի գլխաւորութեամբ, յաղթական դուրս պիտի գայ Սուրիոյ դէմ մղուող համաշխարհային պատերազմէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրինագիծ մը չգոյացնելու հիմնական պատճառը Հըզպալլայի զէնքն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան գնդակը կը գտնուի Հըզպալլայի դաշտին մէջ եւ ոչ թէ Հարիրիի կամ Ժահժահի դաշտին մէջ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի հաստատեց, որ ինք չի յուսար, նախարարաց խորհուրդին մէջ խոչընդոտներ արձանագրուին` քարիւղի եւ բնական կազի պեղման եւ արտահանման գործնական քայլերուն սկսելու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ ահաբեկչութեան հարցին լուծումը կարելի է ապահովել` լիբանանեան պետութեան հետ գործակցաբար` վերջ տալու համար երկրին սպառնացող վտանգներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը իրենց պարտականութիւնները լիովին կը կատարեն, աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ գործակցութիւնը մնայուն կերպով առկայ է` բոլոր մակարդակներուն վրայ:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատին մամլոյ դիւանի նախկին պետ Ռաֆիք Շլալա հաստատեց, որ Քաայի բնակիչները ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած են, թէ Լիբանանը շատ աւելի հզօր է` քան անոր դէմ հիւսուող բոլոր դաւադրութիւնները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ուատիհ Աքըլ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը կայուն է, որովհետեւ կայ ապահովական եւ դիմադրութեան լուրջ աշխատանք:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, օտար երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւնները կ՛օժանդակեն Լիբանանին` ահաբեկիչները բացայայտելու գործողութիւններուն պարագային:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ զգուշացուցին, որ ահաբեկիչները կրնան Պեքաան ահաբեկչական նոր գործողութիւններու թիրախ դարձնել:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ 25 եւ 26 յուլիսին պիտի մասնակցին Մորիթանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին:

 

 

Նախորդը

Թրքական Նաւ Մը Հասաւ Աշտոտ. «Թուրքիան Բոլոր Մարզերուն Մէջ Պաղեստինցիներուն Օժանդակութիւն Պիտի Տրամադրէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ռիֆի. «Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը Համազօր Է Իրանեան Ահաբեկչութեան»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.