Լիբանանեան

Պասիլ Դանիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Տեղական  Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Պասիլ Դանիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ դանիացի իր պաշտօնակիցին` Քրիսթիան Եսենի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ իրենց համար իւրաքանչիւր սուրիացի գաղթական ահաբեկիչ չէ, սակայն ահաբեկիչները կը խառնուին գաղթականներուն` շահագործելով անոնց դիմագրաւած վատ իրականութիւնը:...

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց  Երկու Նիստերու` 12 Եւ 14 Յուլիսին

Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը Հրաւիրեց Երկու Նիստերու` 12 Եւ 14 Յուլիսին

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ անդրադարձած է նախագահական թափուր աթոռին` շեշտելով անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: Վարչապետ Սալամ ողջունեց Քաայի բնակիչները եւ անոնց ազգային կեցուածքը, ինչպէս նաեւ իմաստուն վարուելակերպը այն պահուն, երբ քաղաքական անպատշաճ յայտարարութիւններ կը կատարուէին: Սալամ նշեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան...

Սուհուրի Հանդիպում .  Սաատ Հարիրիի Եւ Սամիր Ժահժահի Միջեւ

Սուհուրի Հանդիպում . Սաատ Հարիրիի Եւ Սամիր Ժահժահի Միջեւ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ սուհուրի ընթացքին ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի: Աւելի քան երեք ժամուան մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան, ընտրական օրէնքի, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող շարք մը հարցեր: Հարիրի եւ Ժահժահ...

Ժեմայէլ. «Բանակը Զգայուն Դիրքերու Վրայ  Պէտք Է Հզօրացնէ Իր Ներկայութիւնը»

Ժեմայէլ. «Բանակը Զգայուն Դիրքերու Վրայ Պէտք Է Հզօրացնէ Իր Ներկայութիւնը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ Մաթար եպիսկոպոսին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս վտանգաւոր ժամանակաշրջանին ընթացքին: Ժեմայէլ շեշտեց, որ Քաան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները կը սպառնան ամբողջ Լիբանանի ապահովութեան: «Լիբանանեան պետութիւնը իր հակակշիռը պէտք է բանեցնէ ամբողջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները եւ կոչ ուղղեց պայքարելու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի մերժեց ընդառաջել Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի խնդրանքին: Ասիրի Ռիֆիէն խնդրած էր հանդիպիլ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ իր ունեցած...

Քաան Հողին Յանձնեց Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարած Իր Նահատակ Զաւակները

Քաան Հողին Յանձնեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարած Իր Նահատակ Զաւակները

Երկուշաբթի օր Քաան հարուածած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք շրջանը դարձաւ զինուորական գօտի մը, ուր բանակին կողմէ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ տիրեց զգուշաւոր մթնոլորտ: Քաայի նահատակ զաւակները` Ժորժ Ֆարես, Ժոզեֆ Լայեուս, Ֆայսալ Աատ, Պուլոս Ահմետ եւ Մաժետ Ուեհպէ յետմիջօրէին սպիտակ դագաղներով փոխադրուեցան իրենց գիւղաքաղաքը, ուր անոնք դիմաւորուեցան հերոսներու նման: Անոնց կորուստին դիմաց, ահաբեկչութեան զոհերուն հարազատներուն եւ ամբողջ գիւղաքաղաքին ցաւը մեծ էր,...

Աշխատանքային Հանդիպում Վարչապետ  Սալամի Հետ` Պուրճ Համուտի Թափօններու  Թաղման Վայրերուն Շուրջ

Աշխատանքային Հանդիպում Վարչապետ Սալամի Հետ` Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայրերուն Շուրջ

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մասնակցութեամբ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Սիմոնեանի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, աշխատանքային նիստ մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, ներկայութեամբ` Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժըսրի եւ խորհուրդի կարգ մը մասնագէտներու: Հանդիպումին օրակարգն էր Պուրճ Համուտի վնասազերծուած աղբերու եւ թափօններու թաղման վայրի...

«Լիբանանը Թիրախ Դարձնող Անձնասպանական  Գործողութեան Հեղինակին Դիմաց, Մենք Երկուքուկէս  Տարիէ Ի Վեր Անձնասպանութիւն Կը Գործենք»   Շեշտեց Պըրրի

«Լիբանանը Թիրախ Դարձնող Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակին Դիմաց, Մենք Երկուքուկէս Տարիէ Ի Վեր Անձնասպանութիւն Կը Գործենք» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` դիմադրելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութեան: Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի տկար կէտերէն մէկը այն է, որ ան իրար անցած վիճակ մը ունի եւ կը դիմագրաւէ քաղաքական տագնապ մը: «Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող անձնասպանական գործողութեան հեղինակներուն դիմաց, մենք երկուքուկէս տարիէ ի վեր,...

Ապահովական Ցնցումներու Մասին Զգուշացումները Դարձան Տիրական, Իսկ Մուքպել Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, յատկապէս Քաայի իրավիճակը եւ որդեգրուած ապահովական արտակարգ միջոցառումները, թէ՛ գիւղաքաղաքին մէջ եւ թէ՛ Արսալի ու Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է դիմադրելու ահաբեկչութեան եւ ձախողեցնելու ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի Լիբանան կատարուելիք որեւէ...

Վարչապետարանին Մէջ.  Շորթըր Կը Հաստատէ Լիբանանի Բարգաւաճման  Եւ Ապահովական Կայունութեան Նկատմամբ  Բրիտանիոյ Յանձնառութիւնը

Վարչապետարանին Մէջ. Շորթըր Կը Հաստատէ Լիբանանի Բարգաւաճման Եւ Ապահովական Կայունութեան Նկատմամբ Բրիտանիոյ Յանձնառութիւնը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու Բրիտանիոյ հանրաքուէին մանրամասնութիւնները: Շորթըր յայտնեց, որ հակառակ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու իր որոշումին, Բրիտանիա հզօր կը մնայ իր տնտեսութեամբ: Շորթըր ընդգծեց նաեւ, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի բարգաւաճման եւ երկրին ապահովական կայունութեան նկատմամբ: Ան ընդգծեց,...

Ժոմպլաթ. «Առանց Քաղաքական Կայունութեան  Կարելի Չէ Ապահովական Վտանգներուն Դիմադրել»

Ժոմպլաթ. «Առանց Քաղաքական Կայունութեան Կարելի Չէ Ապահովական Վտանգներուն Դիմադրել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ անկարելի է, որ անձնասպանական գործողութեան 8 հեղինակներուն նպատակը միայն Քաան ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելը ըլլայ: «Տրամաբանական է, որ անոնց նպատակը ըլլայ դէպի Լիբանան ներթափանցումը: Այս անգամ անոնք ձախողեցան, սակայն յաջորդին կրնան յաջողիլ, իսկ եթէ անոնք Լիբանան մուտք գործած ըլլային, ապա ամբողջ Լիբանանը կրնային պայթեցնել», ըսաւ ան: Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ այդ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊՀԱՆՆԵՍԻ կեդրոնը երէկ հաղորդեց, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:24-ին, 4 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը հարուածեց Լիբանանը: Ըստ Պհաննեսի կեդրոնին, երկրաշարժին կեդրոնը Շուֆն ու Տէյր Քամարն էին: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ ապահովական պատճառներով ջնջեցին ռամատանի առիթով կազմակերպած իրենց իֆթարները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ, զօր. Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց բանակցելու սուրիական պետութեան եւ անոր ղեկավարութեան հետ` լուծելու...

Անձնասպանական Գործողութիւններուն Դէմ  Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ,  Իսկ Քաայի Զոհերը Այսօր Կը Յանձնուին Հողին

Անձնասպանական Գործողութիւններուն Դէմ Դատապարտումի Ալիքը Կը Շարունակէ Բարձրանալ, Իսկ Քաայի Զոհերը Այսօր Կը Յանձնուին Հողին

Քաայի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր մթնոլորտ. հակառակ գիւղաքաղաքին մէջ տեղակայուած մեծաթիւ բանակայիններու ներկայութեան, Քաայի երիտասարդները զինուած ու պատրաստուած հսկեցին իրենց շրջանին եւ ընտանիքներուն ապահովութեան: Քաայի բնակիչները այսօր իրենց զոհերը կը յանձնեն հողին, սակայն հակառակ իրենց շրջանը հարուածած ողբերգութեան, անոնք կը հաստատեն հողին հանդէպ իրենց կառչածութիւնը: Քաայի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար, որ յայտնեց, թէ զոհերուն յուղարկաւորութիւնը մէկ օրով յետաձգուած է ապահովական պատճառներով,...

Կառավարութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն`  Յորդորելով Ամրապնդել Ազգային Միասնականութիւնը

Կառավարութիւնը Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Յայտնեց Բանակին Եւ Ապահովական Կառոյցներուն` Յորդորելով Ամրապնդել Ազգային Միասնականութիւնը

Կառավարութիւնը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նախարարաց խորհուրդը իր նիստին սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Քաայի անձնասպանական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն յիշատակը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան նոր ձեւի մը դէմ պայքարելու հրամայականին դիմաց կը գտնուի: «Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անակնկալի դիմաց չեն գտնուած այդ գործողութիւններուն ընթացքին, որովհետեւ...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում.  Կառավարութիւնը Պէտք Է Իր Պատասխանատուութիւնը  Ստանձնէ Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. Կառավարութիւնը Պէտք Է Իր Պատասխանատուութիւնը Ստանձնէ Սուրիացի Գաղթականներուն Հարցով

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք համախմբումին անունով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Քաայի անձնասպանական գործողութիւնները տիրական նիւթի վերածուեցան նիստին ընթացքին: «Զօր. Աուն շեշտեց, որ նման անարգ ոճիրներու դատապարտումը անբաւարար է: Ան ըսաւ, որ պէտք է դատապարտել այն երկիրները, որոնք ահաբեկչութիւնը կը հովանաւորեն եւ կը սնուցեն` զայն...

Ժուպէյր Եւ Էյրօ Կը Քննարկեն Լիբանանի  Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Ժուպէյր Եւ Էյրօ Կը Քննարկեն Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակիցին` Ատել Ժուպէյրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր, որոնք ընդգրկեցին նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտութեան պետերը մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ: Ժուպէյր շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռին...

Պըրրի Ամերիկեան Դեսպանատան  Գործակատարին Հետ Քննարկեց Քաայի Իրավիճակը

Պըրրի Ամերիկեան Դեսպանատան Գործակատարին Հետ Քննարկեց Քաայի Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործակատար Տենի Հոլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաայի մէջ տիրող իրավիճակը` շրջանին վկայած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք: Միւս կողմէ, Պըրրի հետեւեցաւ Քաայի մէջ տիրող իրավիճակին եւ անձնասպանական գործողութիւններուն մասին բացուած հետաքննութեան հոլովոյթին: Այս նպատակով Պըրրի մնայուն կերպով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ապահովական կառոյցներու եւ...

Սէյիտ Նասրալլա – Անսարի Հանդիպում

Սէյիտ Նասրալլա – Անսարի Հանդիպում

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու նոր նշանակուած օգնական Ժապիրի Անսարի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:  

Ահաբեկչութիւնը Կը Թակէ Լիբանանի Դռները .  Մէկ Օրուան Ընթացքին 9 Անձնասպանական  Գործողութիւններ Թիրախ Կը Դարձնեն Քաայի  Շրջանը` Պատճառելով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Ահաբեկչութիւնը Կը Թակէ Լիբանանի Դռները . Մէկ Օրուան Ընթացքին 9 Անձնասպանական Գործողութիւններ Թիրախ Կը Դարձնեն Քաայի Շրջանը` Պատճառելով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

  Լիբանանցիներուն, յատկապէս Քաայի բնակչութեան համար երէկ ցաւալի եւ ողբերգական օր մըն էր: Մէկ օրուան ընթացքին 9 անձնասպանական գործողութիւններ թիրախ դարձուցին Քաայի շրջանը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Այդ գործողութիւններէն չորսը արձանագրուեցան առաւօտեան կանուխ ժամերուն, իսկ հինգը` ուշ գիշերին, նուազ քան մէկ ժամուան ընթացքին: Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երէկ գիշեր ժամը 10:30-ին անձնասպանական գործողութեան հեղինակ մը մոթորսիքլեթով անցաւ Քաայի Մար...

Անսարի Այցելեց Իշխանութեան  Երկու Պետերուն Եւ Պասիլի

Անսարի Այցելեց Իշխանութեան Երկու Պետերուն Եւ Պասիլի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի նոր նշանակուած օգնական Ժապեր Անսարի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի, երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ միջինարեւելեան զարգացումները: Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Անսարին եւ Ֆաթհալին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Անսարի ուղղուեցաւ նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի...

Page 824 of 986 1 … 823 824 825 … 986

Արխիւներ