Լիբանանեան

Խորհրդարանի Լիագումար  Նիստը Առկախուեցաւ  Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով.   Աշխատավարձի Յաւելումները  Կը Սպասեն Վաւերացումի

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Առկախուեցաւ Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով. Աշխատավարձի Յաւելումները Կը Սպասեն Վաւերացումի

Խորհրդարանը երէկ նոյն ընթացքով շարունակեց իր լիագումար նիստը: Նոյն ընթացքով, այսինքն` քաղաքացիին յաւելեալ տուրքեր պարտադրելով: Առաւօտեան նիստին խորհրդարանը 25-35 առ հարիւրի միջեւ տարուբերող տուրքեր պարտադրեց ներածուած ոգելից ըմպելիներուն պարագային, ինչպէս նաեւ 250 լ. ոսկիի տուրք` ծխախոտին, իսկ 500 լ. ոսկիի տուրք` սիկարին: Կէսօրին խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆերիտ Մքարի յայտարարեց նիստին աւարտը եւ յայտնեց, որ լիագումար նիստը պիտի շարունակուի երեկոյեան ժամը 5:00-ին:...

Վատիկանի Մէջ .  «Պիտի Այցելեմ Լիբանան,  Որուն Համար Միշտ Կ՛աղօթեմ»  Շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ

Վատիկանի Մէջ . «Պիտի Այցելեմ Լիբանան, Որուն Համար Միշտ Կ՛աղօթեմ» Շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպումին ընթացքին սրբազան քահանայապետը յայտնեց, որ ինք պիտի այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ ինք միշտ կ՛աղօթէ Լիբանանի բարօրութեան համար: Նախագահ Աուն իր կարգին նշեց, որ նախորդ պապերը միշտ ալ Լիբանանը նկատած են պատգամի եւ համերաշխութիւնը մարմնաւորող երկիր` աւելցնելով, որ Լիբանան յատուկ յարգանք եւ ակնածանք կը տածէ Վատիկանի...

«Եթէ Գաղթականներուն Տագնապին Նկատմամբ  Լուրջ Վերաբերում Չցուցաբերենք, Լիբանան  Պիտի Չկարենայ Վերահաստատել  Իրեն Հանդէպ Վստահութիւնը»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Եթէ Գաղթականներուն Տագնապին Նկատմամբ Լուրջ Վերաբերում Չցուցաբերենք, Լիբանան Պիտի Չկարենայ Վերահաստատել Իրեն Հանդէպ Վստահութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Լիբանանի տնտեսական հանդիպումին, որ կազմակերպուած էր գործարարներու եւ տնտեսագէտներու խմբաւորումին, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ ներդրումները քաջալերող «Իտալ» հաստատութեան գործակցութեամբ: Այս առիթով վարչապետը լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական հարցերը` շեշտելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը իր կարգին ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Լիբանանի տնտեսական կացութեան վրայ: «Մենք այս ընթացքով չենք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԷՅԽ Ապտել Էմիր Քապալան ընտրուեցաւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցին համբերատար է եւ իր համբերութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ վերահաստատել Լիբանանի բարգաւաճումը: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ յայտարարեց, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ կրթական հիմնարկներուն արձակուրդը կը սկսի հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին...

Աշխատավարձի Յաւելումներու  Յատուկ Նիստին Ընթացքին.   Խորհրդարանը Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրեց Քաղաքացիին

Աշխատավարձի Յաւելումներու Յատուկ Նիստին Ընթացքին. Խորհրդարանը Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրեց Քաղաքացիին

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր լիագումար նիստը, որ յատկացուած էր շարք մը օրէնքներու քննարկումին, յատկապէս` աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացման: Նիստին նախագահեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, ներկայութեամբ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ կառավարութեան: Հակառակ անհատ երեսփոխաններու եւ երեսփոխանական պլոքներու կողմէ տուրքերու յաւելումները մերժող կեցուածքներուն, խորհրդարանը աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելէ առաջ վաւերացուց տուրքերը, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ ֆինանսաւորել այդ յաւելումները: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանը Յաւելուած արժէքի...

Նախագահ Աուն Այսօր Հանդիպում Մը  Կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Նախագահ Աուն Այսօր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր Վատիկանի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Նախագահ Աուն, Առաջին տիկին Նատիա Աուն եւ նախագահին ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Հռոմ: Հռոմի մէջ նախագահ Աուն ուրախութիւն յայտնեց իր կատարած այս այցելութեան առիթով` շեշտելով, որ Պապական աթոռը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ, նկատի ունենալով, որ պատմութեան ընթացքին Վատիկանն ու...

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներուն յատուկ նախարարական նիստի մը: Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոն, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական...

Պասիլի Առաջարկած Ընտրական Օրէնքի  Տարբերակին Գծով  Հըզպալլայի Կեցուածքին Մասին

Պասիլի Առաջարկած Ընտրական Օրէնքի Տարբերակին Գծով Հըզպալլայի Կեցուածքին Մասին

Երէկ կէսօրին տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Հըզպալլա պաշտօնապէս կը մերժէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած ընտրական օրէնքի տարբերակը: Սակայն ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պասիլի առաջադրած ընտրական օրէնքը տակաւին կը քննարկուի Հըզպալլայի կողմէ: Հաժ Հասան աւելցուց, որ այդ մասին Հըզպալլա իր կեցուածքը պիտի յայտնէ օրէնքը լաւապէս սերտելէ ետք:...

«Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը  Երկարաձգելու Բոլոր Կարելիութիւններուն  Դէմ Պիտի Պայքարինք»  Ընդգծեց Ալեն Աուն

«Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Բոլոր Կարելիութիւններուն Դէմ Պիտի Պայքարինք» Ընդգծեց Ալեն Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն իրենց առաջադրած ընտրական վերջին օրինագիծին մասին պատասխաններու, յատկապէս դաշնակից ուժերէն, որոնց շարքին` նաեւ Հըզպալլայէն: «Մենք կ՛ուզենք համաձայնիլ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ, իսկ այդ օրէնքին հակառակելու պարագային, պէտք է այլընտրանք ներկայացնել, որպէսզի...

Նախագահ Աուն Դրուատեց Ղանայի Զինեալ  Ուժերուն Մասնակցութիւնը  Ֆինիւլի Խաղաղապահ Առաքելութեան

Նախագահ Աուն Դրուատեց Ղանայի Զինեալ Ուժերուն Մասնակցութիւնը Ֆինիւլի Խաղաղապահ Առաքելութեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ղանայի պաշտպանութեան նախարար Տոմինիք Պինճապ Ատոնա Նիթիուալը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Ղանայի զինեալ ուժերուն մասնակցութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան, որն է պաշտպանել հարաւի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը: Նախագահ Աուն իր ողջոյնները փոխանցեց Ղանայի նախագահին`...

Նախարար Կիտանեան Քոլոմպիոյ Եւ Եգիպտոսի  Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջական   Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Նախարար Կիտանեան Քոլոմպիոյ Եւ Եգիպտոսի Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջական Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քոլոմպիոյ դեսպան Ժորժին Մալլաթը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Քոլոմպիոյ մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով լիբանանցիներ, որոնք իրենց ամրան արձակուրդը կ՛անցընեն Լիբանանի մէջ: Նախարար Կիտանեանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի: Քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները` ի մասնաւորի զբօսաշրջական մարզին...

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Ապահովական  Կառոյցներու Պետերուն Նշանակումները

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Նշանակումները

Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շնորհաւորեց լիբանանցիները Մարտ 14-ի անկախութեան ինթիֆատային 12-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառչած մնալու երկրին ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, որ ընդգծեց լիբանանցիներուն միջեւ համերաշխութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները` զանոնք նկատելով լիբանանեան...

Շորթըր Շնորհակալութիւն Յայտնեց  Մաշնուքին` Սուրիացի Գաղթականներուն  Նկատմամբ Անոր Դերակատարութեան Համար

Շորթըր Շնորհակալութիւն Յայտնեց Մաշնուքին` Սուրիացի Գաղթականներուն Նկատմամբ Անոր Դերակատարութեան Համար

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին, քաղաքացիական օդանաւորդութեան անվտանգութեան եւ սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Շորթըր ողջունեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան անվտանգութեան համար կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ նախարար...

Բանակը Ռմբակոծեց  Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Լիբանանեան բանակը երէկ բուռն կերպով ռմբակոծեց արեւելեան լեռնաշղթան եւ Ռաս Պաալպեքը` թիրախ դարձնելով ահաբեկիչներուն եւ զինեալներուն դիրքերը: Նշենք նաեւ, որ երէկ այգաբացին բանակը Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ թիրախ դարձուց ահաբեկիչներուն պատկանող զինուորական ինքնաշարժ մը, որ լեցուն էր հրթիռներով: Բանակին ռմբակոծած ինքնաշարժը տեղւոյն վրայ պայթած էր` սպաննելով երեք ահաբեկիչներ, որոնց շարքին նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի ապահովական պատասխանատու մը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ յառաջիկայ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւն պիտի չկատարուի, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը պիտի երկարաձգուի: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ Լիբանանը հայրենիք է եւ ոչ թէ պետութիւն` աւելցնելով, որ Լիբանանի հարցերուն լուծումը կը կայանայ քաղաքացիական պետութեան հաստատումին մէջ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթը կը գրէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը տակաւին հաւանութիւն կամ մերժում չէ յայտնած...

Բագրատունի Սահմանադրական Ատեանին Մօտ Կը Բողոքարկէ Վարձքերու Օրէնքին Դէմ

Բագրատունի Սահմանադրական Ատեանին Մօտ Կը Բողոքարկէ Վարձքերու Օրէնքին Դէմ

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պաշտօնապէս ստորագրեց խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած վարձքերու օրէնքի բողոքարկումը` սահմանադրական ատեանին մօտ: Երեսփոխան Բագրատունիի կողքին բողոքարկումը ստորագրած են նաեւ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ, Խալետ Տահեր, Մարուան Ֆարես, Ուալիտ Սըքքարիէ, Նիքոլա Ֆաթթուշ, Ամալ Ապու Զէյտ, Նաժի Ղարիոս, Ապտելլաթիֆ Զէյն, Տորի Շամուն եւ Իսամ Քանսօ: Յիշենք, որ Բագրատունի աւելի քան մէկ տարի առաջ բողոքարկած էր նաեւ...

Կառավարութիւնը Պետական Պիւտճէի  Քննարկման Համար Այլ Նիստ Մը Ճշդեց

Կառավարութիւնը Պետական Պիւտճէի Քննարկման Համար Այլ Նիստ Մը Ճշդեց

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հակառակ անոր որ նիստը յատկացուած էր քննարկելու 2017-ի պետական ամավարկը, այսուհանդերձ վարչապետ Հարիրի նիստին սկիզբը անդրադարձաւ Լիբանանի դէմ հնչող իսրայէլեան սպառնալիքներուն: Հարիրի շեշտեց, որ տեղեկատուական մարզը ողողած սպառնալիքները, որոնք միշտ կը կատարուին իսրայէլացի պետական պաշտօնատարներուն կողմէ, ուղղուած` լիբանանցիներուն, անոնց օրինական հաստատութիւններուն եւ ենթակառոյցին, կը...

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Ուղերձներ Փոխանակեցին

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Ուղերձներ Փոխանակեցին

Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ժըպրան Պասիլ ուղերձներ փոխանակեցին: Նալբանդեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ աշխարհի վրայ քիչ են այն երկիրները, որոնք բազմաթիւ կապեր ունին իրարու հետ, ինչպիսին է պարագան Հայաստանի ու Լիբանանի: «Մեր բարեկամութիւնը խարսխուած է պատմական խոր առնչութիւններու, մշակութային հին կապերու եւ այն ջերմութեան վրայ, որ...

Պասիլ Ներկայացուց Ընտրական  Օրէնքի Նոր Տարբերակ Մը

Պասիլ Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Նոր Տարբերակ Մը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց ընտրական օրէնքի նոր տարբերակ մը: Պասիլ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք ամէնէն կարեւորը կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ բարեկարգումը անկարելի է, որ կատարուի առանց ընտրական օրէնքի մը գոյութեան: Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի նպաստէ նաեւ քաղաքական...

Ժեմայէլ Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրել

Ժեմայէլ Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրել

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները կը փափաքին մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորել քաղաքացիներուն յաւելեալ տուրքեր պարտադրելով: Ժեմայէլ մերժեց լիբանանցիներուն 22 յաւելեալ տուրքեր պարտադրել` շեշտելով, որ այդ տուրքերը անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն պիտի պարտադրուին: Անդրադառնալով ընկերութիւններուն պարտադրուելիք տուրքերուն` Ժեմայէլ հաստատեց, որ այդ ընկերութիւնները,...

Page 751 of 986 1 … 750 751 752 … 986

Արխիւներ