Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Կարելիութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ ընտրական նոր օրէնք մը կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել: «Մենք պատրաստ ենք ներկայացուելիք ընտրական օրէնքներու բոլոր տարբերակները քննարկելու` հաստատելու համար, որ այս կամ այն ընտրական օրէնքի խոչընդոտներ ստեղծողները...




















