Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Հակառակ անոր որ նիստը յատկացուած էր քննարկելու 2017-ի պետական ամավարկը, այսուհանդերձ վարչապետ Հարիրի նիստին սկիզբը անդրադարձաւ Լիբանանի դէմ հնչող իսրայէլեան սպառնալիքներուն:
Հարիրի շեշտեց, որ տեղեկատուական մարզը ողողած սպառնալիքները, որոնք միշտ կը կատարուին իսրայէլացի պետական պաշտօնատարներուն կողմէ, ուղղուած` լիբանանցիներուն, անոնց օրինական հաստատութիւններուն եւ ենթակառոյցին, կը նպատակադրեն ծածկել Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած մնայուն ոտնձգութիւնները, մինչդեռ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի մանրամասն գործադրութեան:
Հարիրի արտաքին գործոց նախարարէն պահանջեց իսրայէլեան պաշտօնական սպառնական կեցուածքները հաւաքել եւ զանոնք նամակով մը փոխանցել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, որպէսզի միջազգային ընտանիքը իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ դիտմամբ կատարուած այս ելեկտրականացումին եւ շրջանային կայունութեան սպառնացող բացայայտ սպառնալիքներուն գծով:
Կառավարութիւնը իր նիստը աւարտեց գիշերուան ժամը 11:00-ին:
Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի նիստէն ետք յայտնեց, որ 2017-ի պետական ամավարկին քննարկումը շարունակելու նպատակով կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ ուրբաթ, 17 մարտ 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Ռիաշի յայտնեց, որ պետական ամավարկին շուրջ կատարուած բարեկարգումները գրեթէ աւարտած են` աւելցնելով, որ ուրբաթ օրուան նիստը պիտի ըլլայ պարզապէս այդ բարեկարգումները վերստուգելու նիստ մը, որուն տեւողութիւնը կարճ պիտի ըլլայ:
Ռիաշի յայտնեց, որ պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարը պիտի ներկայացնէ ելեկտրականութեան մարզին աշխատանքը կարգաւորելու ծրագիր մը, որ նուաճում մը պիտի ըլլայ եւ պետական ամավարկին պիտի ապահովէ աւելի քան մէկ միլիառ տոլար:
Տնտեսական Մարզի Յատուկ Նիստ
Միւս կողմէ, Հարիրի կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական մարզին վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Ղազի Զաայթեր, Մույին Մերեհպի, Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Ռայէտ Խուրի, ինչպէս նաեւ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդատու Մազեն Հաննա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական մարզին վերաբերող հարցեր:
Նիստէն ետք Խուրի ընդգծեց երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ կան լիբանանեան որոշ արտադրութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուին, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց արտածումը:
Խուրի շեշտեց, որ Հարիրիի հետ տնտեսական մարզին յատուկ նիստերը բաց պիտի մնան:
Հարիրի ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը եւ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:
Նշենք, որ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար, Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քի Ճիան, Պեքաայի եւ Զահլէի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյս եւ անկախ Նասըրականներու շարժումի նախագահ Զիատ Աժուզ: