Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին սրբազան քահանայապետը յայտնեց, որ ինք պիտի այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ ինք միշտ կ՛աղօթէ Լիբանանի բարօրութեան համար: Նախագահ Աուն իր կարգին նշեց, որ նախորդ պապերը միշտ ալ Լիբանանը նկատած են պատգամի եւ համերաշխութիւնը մարմնաւորող երկիր` աւելցնելով, որ Լիբանան յատուկ յարգանք եւ ակնածանք կը տածէ Վատիկանի նկատմամբ:
Նախագահ Աուն Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրեց միշտ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ անոր զօրակցիլ շրջանային ու միջազգային հարթակներու վրայ:
Ֆրանչիսկոս պապ խոստացաւ ընդառաջել նախագահ Աունի խնդրանքին:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փեթրօ Փարոլինի հետ:



