Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Ուղերձներ Փոխանակեցին

Մարտ 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ժըպրան Պասիլ ուղերձներ փոխանակեցին:

Նալբանդեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ աշխարհի վրայ քիչ են այն երկիրները, որոնք բազմաթիւ կապեր ունին իրարու հետ, ինչպիսին է պարագան Հայաստանի ու Լիբանանի:

«Մեր բարեկամութիւնը խարսխուած է պատմական խոր առնչութիւններու, մշակութային հին կապերու եւ այն ջերմութեան վրայ, որ երկու ժողովուրդները աւանդաբար կը տածեն իրարու նկատմամբ», յայտնեց Նալբանդեան` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը այդ յարաբերութիւններու ամրապնդումին եւ աշխուժ զարգացումին կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը կը նկատուի:

Ան շեշտեց, որ այս ամուր հիմերուն վրայ քառորդ դար առաջ ձեւաւորուեցան եւ զարգացան երկու երկիրներուն միջեւ պետական յարաբերութիւնները, որոնք առանձնացան փոխադարձ վստահութեամբ ու իրարու նկատմամբ խոր յարգանքով, եւ այսօր հաւանաբար չկայ մարզ մը, որ հայ-լիբանանեան աշխատանքի դաշտին մէջ ներառուած չըլլայ:

Նալբանդեան վստահութիւն յայտնեց, որ փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտանայ եւ խորանայ:

Իր կարգին, Պասիլ իր ուղերձին մէջ նշեց, որ հակառակ անցնող 25 տարիներուն համաշխարհային քաղաքականութեան վկայած բազմաթիւ փոփոխութիւններուն, Լիբանանի եւ Հայաստանի բարեկամական համագործակցային յարաբերութիւնները առաւել եւս ամրապնդուեցան եւ սերտացան` երկու երկիրներու կենսական շահերուն առնչուող հարցերուն շուրջ փոխադարձ աջակցութեամբ եւ տարբեր մարզերու մէջ սերտ համագործակցութեան աշխուժացումով: Պասիլ ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը պահպանեն համապարփակ զարգացման դրական ընթացքը, որով լիբանանեան կողմը միանգամայն բաւարարուած է:

Պասիլ շեշտեց, որ 2017-ն ո՛չ միայն առիթ է տօնելու այս կարեւոր փուլն ու ձեռքբերումները, այլեւ լաւ առիթ է` ուրուագծելու եւ առաւել եւս խթանելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը:

Պասիլ վերահաստատեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու Լիբանանի կառավարութեան յանձնառութիւնը:

 

Նախորդը

Պասիլ Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Նոր Տարբերակ Մը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Պետական Պիւտճէի Քննարկման Համար Այլ Նիստ Մը Ճշդեց

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?