Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Քոլոմպիոյ Եւ Եգիպտոսի Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջական Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Հեռանկարները

March 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քոլոմպիոյ դեսպան Ժորժին Մալլաթը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Քոլոմպիոյ մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով լիբանանցիներ, որոնք իրենց ամրան արձակուրդը կ՛անցընեն Լիբանանի մէջ:

Նախարար Կիտանեանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի:

Քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները` ի մասնաւորի զբօսաշրջական մարզին վերաբերող:

Հանդիպումէն ետք Նաժարի յայտնեց, որ Ա. Կիտանեանի հետ քննարկած է զբօսաշրջական մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները` աւելցնելով, որ եգիպտացի զբօսաշրջիկը կը փափաքի Լիբանան այցելել, իսկ լիբանանցի զբօսաշրջիկը կը փափաքի Եգիպտոս այցելել, հետեւաբար պէտք է աշխատինք ամրապնդել այս յարաբերութիւնները:

Նաժարի աւելցուց, որ նախարար Կիտանեանի հետ խորհրդակցած են նաեւ զբօսաշրջական վայրերու զանազանութեան մասին: «Մենք կը փափաքինք, որ լիբանանցիները մնայուն ներկայութիւն ըլլան Շարմ Շէյխի մէջ, սակայն կան նաեւ զբօսաշրջական այլ վայրեր, ինչպէս` Լուքսորը եւ Ասուանը, ուր լիբանանցի զբօսաշրջիկին կը յանձնարարենք այցելել», ըսաւ ան:

Նաժարի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու իմաստով, յատկապէս նկատի ունենալով վարչապետ Սաատ Հարիրիի Եգիպտոս կատարելիք այցելութիւնը եւ նախագահութիւնը` Լիբանանեան-եգիպտական գործակցութեան գերագոյն յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզը պիտի ըլլայ քննարկուելիք հիմնական նիւթը:

Նախորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Ողջունեց Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Նշանակումները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Ղանայի Զինեալ Ուժերուն Մասնակցութիւնը Ֆինիւլի Խաղաղապահ Առաքելութեան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.