Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրել

March 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնները կը փափաքին մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորել քաղաքացիներուն յաւելեալ տուրքեր պարտադրելով:

Ժեմայէլ մերժեց լիբանանցիներուն 22 յաւելեալ տուրքեր պարտադրել` շեշտելով, որ այդ տուրքերը անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն պիտի պարտադրուին:

Անդրադառնալով ընկերութիւններուն պարտադրուելիք տուրքերուն` Ժեմայէլ հաստատեց, որ այդ ընկերութիւնները, որ այս պայմաններով կը տոկան եւ կը շարունակեն գործել, շքանշանի արժանի են եւ ոչ թէ յաւելեալ տուրքերու:

«Քաղաքական իշխանութիւններուն այս մօտեցումը ամօթալի է, որովհետեւ անոնք մսխումն ու փտածութիւնը նուազեցնելու փոխարէն տուրքերու մասին կը մտածեն», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տուրքերու պարտաւորութիւնը չկատարելու գումարը կը հասնի 4,2 միլիառ տոլարի, որ բաւարար է ֆինանսաւորելու աշխատավարձերու աւելի քան մէկ յաւելում:

«4,2 միլիառ տոլարով կարելի է աշխատավարձի չորս յաւելում ֆինանսաւորել` վերջ տալով փտածութեան եւ մսխումին: Ամօթալի է այն, որ պետութիւնը կ՛արգիլէ փտածութեան եւ մսխումի կասեցումը, սակայն կ՛արտօնէ քաղաքացիին քսակէն ֆինանսաւորել աշխատավարձի յաւելումները: Ինչպէ՞ս կարելի է լուռ մնալ այս հարցին մասին: Մենք պէտք է մեծարենք քաղաքացին, որ հակառակ տիրող փտածութեան, կը շարունակէ իր տուրքերը վճարել», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ նշեց, որ լիբանանցին իր վճարած տուրքերուն փոխարէն ո՛չ ջուր, ո՛չ ելեկտրականութիւն եւ ո՛չ ալ այլ ծառայութիւններ կամ տարրական ապահովագրութիւն կը ստանայ, ընդհակառակն` ան ստիպուած կը հանդուրժէ պետական մարզի փտածութեան:

Ժեմայէլ անընդունելի նկատեց նաեւ սենտիքայական համադաշնակցութիւնները տնտեսական խորհուրդներուն դէմ լարելու փորձերը:

«Հրամեցէ՛ք չորեքշաբթի օր վաւերացնելու տուրքերը, որպէսզի տեսնէք, թէ լիբանանցիները ինչպէ՛ս հաշուետուութեան պիտի ենթարկեն ձեզ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ հաշուետուութիւնը պիտի կատարուի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց պետութեան ինքզինք զինելու եւ նիւթական կացութիւնը ամրապնդելու` փտածութեան եւ մսխումին դէմ պայքարելով:

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ. «Ընկերային Եւ Մարդկային Կացութեան Բարելաւումը Կարելի Է Ապահովել Առողջական Վիճակը Բարելաւելով» Շեշտեց Ղասսան Հասպանի

Յաջորդը

Պասիլ Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Նոր Տարբերակ Մը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.