Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Գաղթականներուն Տագնապին Նկատմամբ Լուրջ Վերաբերում Չցուցաբերենք, Լիբանան Պիտի Չկարենայ Վերահաստատել Իրեն Հանդէպ Վստահութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

March 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Լիբանանի տնտեսական հանդիպումին, որ կազմակերպուած էր գործարարներու եւ տնտեսագէտներու խմբաւորումին, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ ներդրումները քաջալերող «Իտալ» հաստատութեան գործակցութեամբ:

Այս առիթով վարչապետը լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական հարցերը` շեշտելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը իր կարգին ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Լիբանանի տնտեսական կացութեան վրայ:

«Մենք այս ընթացքով չենք կրնար շարունակել, որովհետեւ տագնապը կրնայ վերածուիլ փորձանքի, որուն հետեւանքներէն ոչ ոք կրնայ խուսափիլ: Եթէ սուրիացի գաղթականներուն տագնապին նկատմամբ լուրջ վերաբերում չցուցաբերենք, ապա Լիբանան պիտի չկարենայ վերահաստատել իրեն հանդէպ  վստահութիւնը», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանի վայելած տնտեսական դիմադրողականութիւնը զայն պաշտպանած է, սակայն յառաջիկայ փուլին Լիբանան պիտի ջանայ տնտեսական աճ արձանագրել եւ ոչ թէ տեղքայլի մէջ մնալ:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք մնայուն խորհրդակցութեան եւ գործակցութեան մէջ է Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու հարցերը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վատիկանի Մէջ . «Պիտի Այցելեմ Լիբանան, Որուն Համար Միշտ Կ՛աղօթեմ» Շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ

RelatedPosts

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ  Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել,  Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

January 23, 2026
Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու  Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»

January 23, 2026
Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի,  Կառավարութեան Քաղաքականութեան  Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը
Լիբանանեան

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի, Կառավարութեան Քաղաքականութեան Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.