Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ յառաջիկայ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւն պիտի չկատարուի, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը պիտի երկարաձգուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր յայտնեց, որ Լիբանանը հայրենիք է եւ ոչ թէ պետութիւն` աւելցնելով, որ Լիբանանի հարցերուն լուծումը կը կայանայ քաղաքացիական պետութեան հաստատումին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթը կը գրէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը տակաւին հաւանութիւն կամ մերժում չէ յայտնած արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ընտրական օրէնքի տարբերակին մասին:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ կոչ ուղղեց խորհրդարանին մէջ համայնքներու ներկայացուցչութիւնը սրբագրող եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ, երէկ հանդիպելէ ետք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, յայտնեց, որ ընտրական օրէնք մը չվաւերացնելը Լիբանանի քաղաքական համակարգը վտանգի կ՛ենթարկէ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ տնօրէնութիւններուն մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաները այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ պիտի կատարեն բողոքի նստացոյց մը` պահանջելով ունենալ հանգստեան կոչուելու յատուկ գումար, ինչպէս նաեւ հանգստեան կոչուելէ ետք օգտուիլ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն համագործակցականէն:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի նոր տարբերակները անձնական շահերու կը յարմարեցուին, ինչ որ անընդունելի եւ վարկաբեկիչ է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ընտրական օրէնքի տարբերակին համաձայն չեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը վերջ գտած է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ դէմ դաւեր նիւթող կողմերը սուղ պիտի վճարեն իրենց գործած չարիքին գինը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ իրենց համար լաւագոյնը համամասնական ընտրական օրէնքն է` ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Ծերակոյտի նախագահութիւնը մեծ հարց մը չէ եւ կարելի է նախագահութիւնը տարբեր նստաշրջաններով հերթաբար ստանձնելու դրութիւն մը ստեղծել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ընտրական օրէնքի առաջարկը քննարկելու յարմար է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ժողովրդավարական հանդիպումը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած ընտրական օրինագիծին մասին շարք մը դիտողութիւններ ունի:

«ԱՈՒՏԷ» դրամատան Հազմիէ-Ֆիատիէի մասնաճիւղը գողութեան ենթարկուեցաւ է երեք զինեալներու կողմէ: Ապահովութեան ուժերը հասան դէպքին վայրը եւ անոր մասին հետաքննութիւն բացին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս նախարարութեան մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ իրենք լաւատես են յանգելու ընտրական օրէնքի մը, որ բոլորին կը յարմարի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին կառչած մնալը յամառութիւն չէ, այլ համոզում, որ փոփոխութեան առիթը ի զօրու է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յայտարարելիք ընտրական օրէնքի նոր տարբերակին մթնոլորտին մէջ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ խորհրդարանի լիագումար նիստը կարենայ այսօրուան իր նիստին ընթացքին վաւերացնել աշխատավարձի յաւելումները:

ՍԱՅՏԱՅԻ Ռաշիտիէ գաղթակայանին մէջ պաղեստինցի մը անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ուժերուն` վերջ տալու համար իր ապօրինի կարգավիճակին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանը ընտրելու ըլլայ թափուր դրութեան եւ պաշտօնավարութեան երկարաձգումին միջեւ, ապա ան չի վարանիր իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը յանձնառու է Ազգային ազատ հոսանք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն հետ իր յարաբերութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք լաւատես են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ընտրական օրէնքի նոր տարբերակով, որուն մասին դրական կեցուածքներ արձանագրուած են:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի քննարկելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Արեւելքի քրիստոնեաներուն կացութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Պաղտատ իր կատարած այցելութեան ընթացքին անդրադարձած է նոր պատերազմի մը, որ պիտի սանձազերծուի Ուաշինկթընի եւ Իսրայէլի կողմէ` Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ:

 

Նախորդը

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով

Յաջորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?