Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պաշտօնապէս ստորագրեց խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած վարձքերու օրէնքի բողոքարկումը` սահմանադրական ատեանին մօտ:
Երեսփոխան Բագրատունիի կողքին բողոքարկումը ստորագրած են նաեւ երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ, Խալետ Տահեր, Մարուան Ֆարես, Ուալիտ Սըքքարիէ, Նիքոլա Ֆաթթուշ, Ամալ Ապու Զէյտ, Նաժի Ղարիոս, Ապտելլաթիֆ Զէյն, Տորի Շամուն եւ Իսամ Քանսօ:
Յիշենք, որ Բագրատունի աւելի քան մէկ տարի առաջ բողոքարկած էր նաեւ վարձքերու ներկայ օրէնքին մէկ այլ տարբերակը` նկատի ունենալով անարդարութիւնը, որ կը հասնի աշխատաւոր վարձակալ դասակարգին: