Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԷՅԽ Ապտել Էմիր Քապալան ընտրուեցաւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանցին համբերատար է եւ իր համբերութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ վերահաստատել Լիբանանի բարգաւաճումը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ յայտարարեց, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ կրթական հիմնարկներուն արձակուրդը կը սկսի հինգշաբթի, 13 ապրիլ 2017-ին եւ կ՛աւարտի չորեքշաբթի, 19 ապրիլ 2017-ին: Այս առիթով նախարարը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց բոլորին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ, նոյնիսկ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին չկատարուին, անոնք տեղի պիտի ունենան` մօտիկ ապագային: «Իսկ այդ թուականին գծով պիտի խորհրդակցիմ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ օր արտասանելիք իր ճառին մէջ պիտի անդրադառնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները օրինակելի չեն, սակայն պէտք էր յանգիլ հասարակ յայտարարի մը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջադրած ընտրական օրէնքը կը միտի Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն դուրս ձգել քաղաքական կեանքէն:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովելու միակ միջոցը ամբողջական համամասնականութիւնն է:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի անհրաժեշտ նկատեց աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի յայտարարէ իր քաղաքականութիւնը` տեղահանուածներուն նկատմամբ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա ոչ մէկ ճիգ կամ ջանք խնայած է` Լիբանանի օժանդակութեան համար:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ Օժերոյն նախկին ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենէմ Եուսեֆը ամբաստանեց պետական գումարը մսխելու եւ աշխատանքին մէջ թերանալու յանցանքներով: Դատախազ Իպրահիմ Եուսեֆի դատական թղթածրարը փոխանցեց Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջարկած ընտրական նոր օրէնքի տարբերակը տակաւին քննարկումի ընթացքին մէջ է եւ չէ մերժուած:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր համաձայնութիւնը պիտի պահենք` աւելցնելով, որ ինք յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի առաջադրած ընտրական օրէնքի վաւերացումը Լիբանանի վերջն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ իրենք եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատեն անպայման վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի տարբերակներուն մերժումը կը միտի պահպանել 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները պիտի վաւերացուին ինչպէս որ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի առաջադրած ընտրական օրէնքի վերջին տարբերակը տակաւին կը քննարկուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ մսխումին ու փտածութեան կասեցումը զիրենք աւելի կը հարստացնէ, քան` քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուելիք նոր տուրքերը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ նախընտրելի էր բարեկարգումի սկսիլ որդեգրելով ելեւմտական արդիական քաղաքականութիւն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ բոլոր երեսփոխանները մտադիր են աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիան, Սուրիոյ բանակը եւ Սուրիոյ դաշնակիցները կը ստեղծեն երկրին յաղթանակը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատու աղբիւրներ հաստատած են, որ ներկայ իշխանութեան հետ յարաբերութիւնները պիտի չխզուին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան իշխանութիւնները կ՛ուղղուին Ռիատ Սալամէն պահելու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ:

 

 

Նախորդը

Անգարա. «Եւրոպան Կրնայ Մօտ Օրէն Սրբազան Պատերազմներու Վայրի Մը Վերածուիլ»

Յաջորդը

«Եթէ Գաղթականներուն Տագնապին Նկատմամբ Լուրջ Վերաբերում Չցուցաբերենք, Լիբանան Պիտի Չկարենայ Վերահաստատել Իրեն Հանդէպ Վստահութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?