Լիբանանեան

Թրիփոլիի Մէջ.   «Ընկերային Եւ Մարդկային Կացութեան  Բարելաւումը Կարելի Է Ապահովել  Առողջական Վիճակը Բարելաւելով»  Շեշտեց Ղասսան Հասպանի

Թրիփոլիի Մէջ. «Ընկերային Եւ Մարդկային Կացութեան Բարելաւումը Կարելի Է Ապահովել Առողջական Վիճակը Բարելաւելով» Շեշտեց Ղասսան Հասպանի

Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի կարիքները: Հասպանի հաստատեց, որ Թրիփոլի այցելութեան իր նպատակն է լսել բնակիչներուն պահանջները եւ տեղեկանալ շրջանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Հասպանի յայտնեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել Թրիփոլիի կացութիւնը բարելաւելու իմաստով` աւելցնելով, որ ինք չի...

Դատական Իշխանութեան Գերագոյն  Խորհուրդը Կը Կասեցնէ Աշխատանքները

Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կը Կասեցնէ Աշխատանքները

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ քննարկուելիք աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին շրջագիծին մէջ տրուած են նաեւ որոշումներ, որոնք կը վերաբերին դատական իշխանութիւններուն` առանց խորհրդակցելու Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին հետ: Նկատի ունենալով դատական իշխանութիւններուն գործունէութեան ազատութիւնը եւ իրաւունքները, որ սահմանադրութեամբ ճշդուած է, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը ինքզինք ստիպուած կը զգայ կասեցնելու իր աշխատանքը: Ըստ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին, դատաւորները պիտի...

«Այն Տարայի Միջադէպին Պատճառը  Ժոմպլաթի Կողմէ Շահաբաժինի Պահանջն Է»  Ըսաւ Փիեռ Ֆաթթուշ

«Այն Տարայի Միջադէպին Պատճառը Ժոմպլաթի Կողմէ Շահաբաժինի Պահանջն Է» Ըսաւ Փիեռ Ֆաթթուշ

Գործատէր Փիեռ Ֆաթթուշ երէկ յայտնեց, որ Այն Տարայի մէջ երէկ կրակոցներ արձակուած են, երբ իր աշխատաւորները կ՛ուղղուէին դէպի սիմենթի գործարանը: Ֆաթթուշ նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան անդամ զինեալներ եւ շէյխեր առաւօտեան ժամ 5:20-ին անոնց ճամբան փակած են եւ անոնցմէ պահանջած հեռանալ` զէնքի ուժով սպառնալով անոնց: Ֆաթթուշ նշեց, որ ապահովութեան ուժերը մերժած են միջամտել այս միջադէպին, հակառակ անոր որ այդ մասին...

Երգիծանկարիչ Սթաւրօ Ժապրա Ոչ Եւս Է

Երգիծանկարիչ Սթաւրօ Ժապրա Ոչ Եւս Է

Երէկ մահացաւ երգիծանկարիչ Սթաւրօ Ժապրա, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Լիբանանի, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի իրադարձութիւնները իր երգիծանկարներուն ընդմէջէն տարիներ շարունակ ներկայացուցած երգիծանկարիչը իր ետին ձգած է երգիծանկարներու հարուստ արխիւ մը: 18 փետրուար 1947-ին ծնած Սթաւրօ Էտմոն Ժապրա 20-ամեայ երիտասարդ էր, երբ սկսած էր երգիծանկարներու պատրաստութեան իր ասպարէզը: Ան 50 տարիներ շարունակ աշխատեցաւ ու արտադրեց` կեանք ու շունչ տալով տարբեր թերթերու էջերուն...

Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանքը Այսօր Պիտի Յայտարարէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Նոր Նախաձեռնութիւն Մը»

Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանքը Այսօր Պիտի Յայտարարէ Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Նոր Նախաձեռնութիւն Մը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ «Պիել»-ի մէջ կատարեց իր Բ. խորհրդաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան կուսակցութեան ղեկավարութիւնն ու անդամները: Խորհրդաժողովին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենց ուժը կը գտնուի իրենց պաշտպանած դատին մէջ: «Հետեւաբար անկարելի է երեւակայել, որ Ազգային ազատ հոսանքը ուժէ պարպուած ըլլայ, ինչպէս որ անկարելի է...

Ռայի Պատրիարքը Կ՛ողջունէ Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Նշանակումները

Ռայի Պատրիարքը Կ՛ողջունէ Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Նշանակումները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն: Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց կառավարութեան կատարած ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները` մաղթելով, որ անոնք շարունակուին եւ ամբողջացուին պետական հաստատութիւններուն մէջ կատարուելիք բոլոր նշանակումներով: Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարենայ մշակել ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է...

Պետական Անվտանգութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Ահաբեկիչներ Փոխադրողը

Պետական Անվտանգութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Ահաբեկիչներ Փոխադրողը

Պետական անվտանգութեան ուժերը, երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին, տեսակարար գործողութեամբ մը Պաալպեքի մէջ ձերբակալեցին Հասան Ռայէտը: Ռայէտ, որ Արսալի բնակիչներէն է,  ամբաստանուած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ահաբեկիչներ եւ ականուած  ինքնաշարժներ փոխադրելու, ինչպէս նաեւ կարգ մը պայթումներ գործած ըլլալու յանցանքներով: Կը նախատեսուի, որ Ռայէտ անմիջապէս յանձնուի Զինուորական ատեան:  

Իպրահիմ. «Կարելի Չէ Ըսել, Թէ Ահաբեկչութիւնը Երկրին Չի Սպառնար»

Իպրահիմ. «Կարելի Չէ Ըսել, Թէ Ահաբեկչութիւնը Երկրին Չի Սպառնար»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումին ընթացքին Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի լաւը, յատկապէս երկրին իշխանութեան վիճակի կարգաւորումէն եւ ամբողջանալէն ետք: «Այս զարգացումը զգալի եւ աչքառու եղաւ Լիբանանի համար», շեշտեց Իպրահիմ` աւելցնելով, որ դրական մթնոլորտը շարունակելէ բացի ոչ մէկ այլընտրանք գոյութիւն ունի,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի որոշումով` գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ ստանձնեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետի պաշտօնը: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այո՛ համամասնական այն դրութեան, որ կ՛ապահովէ քաղաքական նուազագոյն գործակցութիւնը, իսկ ո՛չ համամասնական այն դրութեան, որ բաժանում կը սերմանէ եւ ճահճացում կը հաստատէ: Վե՛րջ տուէք սոփեստութիւններուն, եւ մեր...

Պըրժ Պրաժնէի Մէջ Բուռն Բախումներ`  Լիբանանցի Եւ Պաղեստինցի Ընտանիքներու Միջեւ

Պըրժ Պրաժնէի Մէջ Բուռն Բախումներ` Լիբանանցի Եւ Պաղեստինցի Ընտանիքներու Միջեւ

Երէկ կէսօրէ ետք Պըրժ Պրաժնէ ապրեցաւ ցնցում մը, երբ գաղթակայանին մուտքին յանկարծ սկսան լսուիլ կրակոցներ, որոնք հետզհետէ սաստկացան եւ վերածուեցան նռնականետերով բախումներու: Բոլոր տեղեկութիւնները հաստատեցին, որ հարցը անձնական բնոյթ ունեցած է, երբ լիբանանցի Ժաաֆար ընտանիքի անդամներ շինութեան մը պատճառով հարց ունեցած են պաղեստինցիներու հետ: Երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուած թիւրիմացութեան պատճառով բռնկեցան զինեալ այդ բախումները, որոնք պատճառեցին երկու զոհ եւ 5...

Պէյրութի Մէջ.  «Պիտի Շարունակենք Մաս Կազմել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն»  Հաստատեց Էսթոնիոյ Նախագահը

Պէյրութի Մէջ. «Պիտի Շարունակենք Մաս Կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն» Հաստատեց Էսթոնիոյ Նախագահը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Էսթոնիոյ նախագահ Քըրսթի Քալիոլայտը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ էսթոնական պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, այլ խօսքով` կայունութեան պահպանումին հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող էսթոնական ուժերուն դերակատարութիւնը: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ երկկողմանի յարաբերութիւնները...

Գերմանիոյ Մէջ.  Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ  Զբօսաշրջութեան  Համաշխարհային Ցուցահանդէսին

Գերմանիոյ Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան Համաշխարհային Ցուցահանդէսին

Ձախէն աջ. Մ. Ատիպ, նախարար Մ. Ռաշետ, նախարար Ա. Կիտանեան, Ն. Սարտուք եւ Գերմանիոյ մէջ Եգիպտոսի դեսպանը Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Գերմանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային ցուցահանդէսին` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի եւ Պերլինի մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի: Ցուցահանդէսին մասնակցելու կողքին չորեքշաբթի, 8 մարտին, նախարար Կիտանեան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին` Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն...

Կառավարութիւնը Շարունակեց Քննարկել  2017-ի Պետական Ամավարկը. . Յաջորդ Նիստը` Երկուշաբթի Յետմիջօրէին

Կառավարութիւնը Շարունակեց Քննարկել 2017-ի Պետական Ամավարկը. . Յաջորդ Նիստը` Երկուշաբթի Յետմիջօրէին

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ 2017-ի պետական ամավարկը: Շուրջ չորս ժամ տեւած նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շնորհաւորեց բանակի ու ապահովական կառոյցներու պետերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց` իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն համար: Հարիրի բարձր գնահատեց նաեւ բանակի եւ ապահովական կառոյցներու նախկին պետերուն զոհողութիւններն ու ջանքերը, որոնց շնորհիւ...

Պասիլ Ժողովրդավարական Հանդիպում  Պլոքին Հետ Քննարկեց Քաղաքական Կացութիւնը  Բարելաւելու Հեռանկարները

Պասիլ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքին Հետ Քննարկեց Քաղաքական Կացութիւնը Բարելաւելու Հեռանկարները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Աքրամ Շեհայէպ, Էլի Աուն, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Անթուան Սաատ` ներկայութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական կացութիւնը բարելաւելու հեռանկարները` օգտուելով տիրող հաշտութեան եւ համախոհութեան մթնոլորտէն: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ընտրական...

Տահքան. «Հըզպալլա Կրնայ  Հեռահաս Հրթիռներ Արտադրել»

Տահքան. «Հըզպալլա Կրնայ Հեռահաս Հրթիռներ Արտադրել»

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տահքան յայտնեց, որ Հըզպալլա կրնայ դիմադրել Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուելիք որեւէ պատերազմի կամ բռնարարքի եւ հակառակորդը մղել զղջումի, որովհետեւ ներկայիս Հըզպալլա շատ աւելի հզօր է, քան ինչ որ էր 2006-ին: Տահքան յայտնեց, որ Հըզպալլա ինքնաբաւ դարձած է եւ կարողութիւն ունի իր փափաքած հրթիռը արտադրելու: Ան նշեց, որ Հըզպալլա կրնայ նաեւ հեռահաս հրթիռներ արտադրել` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներուն...

Խորհրդարանի Միացեալ  Յանձնախումբերը  Վաւերացուցին Աշխատավարձի  Յաւելումներու Թղթածրարը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Աշխատավարձի Յաւելումներու Թղթածրարը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ շարունակեցին պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին քննարկումը`  նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահի, ինչպէս նաեւ բանակի, ապահովութեան ուժերու եւ ուսուցիչներու ներկայացուցիչներուն: Շուրջ չորս ժամ տեւած նիստէն ետք,  ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ,...

Նախագահ Աուն 15 Մարտին  Պիտի Ուղղուի Վատիկան

Նախագահ Աուն 15 Մարտին Պիտի Ուղղուի Վատիկան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չորեքշաբթի, 15 մարտին պիտի ուղղուի Վատիկան, ուր օր մը ետք` 16 մարտին հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Նախագահ Աունի կատարելիք այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ սկիզբը` եւրոպական երկիրներ իր կատարելիք այցելութիւններուն: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող հարցեր: Միքաթի շեշտեց, որ նախագահ...

Խորհրդարանը Իր Լիագումար Նիստը  Պիտի Գումարէ 15 Մարտին

Խորհրդարանը Իր Լիագումար Նիստը Պիտի Գումարէ 15 Մարտին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանը իր լիագումար նիստը պիտի գումարէ չորեքշաբթի, 15 մարտ 2017-ին: Ան աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը կ՛ուղղուին վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը` ընդգծելով, որ վաւերացուելու պարագային այդ թղթածրարը նկատի պիտի առնուի 15 մարտին գումարուելիք օրէնսդրական նիստին: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առթով   Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի

Կիներու Միջազգային Օրուան Առթով Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Կը Պարգեւատրուի

Կիներու միջազգային օրուան առիթով, Երիտասարդուհիներու քրիստոնէական միութիւնը կազմակերպեց 20 կին ընդհանուր տնօրէնի պարգեւատրումը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որ ներկայացուած էր կնոջական հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեանով: Միութեան Այն Մրայսէի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան կնոջական տարբեր միութիւններու եւ այլ խորհուրդներու ներկայացուցիչներ: Պարգեւատրուող ընդհանուր տնօրէններուն կարգին էր Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն եւ Վարժանքի, վիճակագրութեան ու հետազօտութեան արաբական...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Ստանձնեց  Բանակի Հրամանատարութիւնը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն Ստանձնեց Բանակի Հրամանատարութիւնը

Զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ պաշտօնական ձեռնարկի մը ընթացքին ստանձնեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը` նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն: Հրամանատարութեան դրօշը ստանձնելէ ետք զօր. Աուն ըսաւ. «Բանակը հրահանգիս ենթակայ է»: Ապա խօսք արտասանեց զօր. Քահուաժի, որ յայտնեց, թէ ինք կը փափաքէր, որ  բանակի հրամանատարութիւնը տարիներ առաջ յանձնէր յաջորդ զօրավարին` աւելցնելով, որ բանակը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ երկիրը եւ քաղաքացիական...

Page 752 of 986 1 … 751 752 753 … 986

Արխիւներ