Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շնորհաւորեց լիբանանցիները Մարտ 14-ի անկախութեան ինթիֆատային 12-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կառչած մնալու երկրին ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, որ ընդգծեց լիբանանցիներուն միջեւ համերաշխութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները` զանոնք նկատելով լիբանանեան պետութեան ապրելիք զարթօնքին նախաքայլերը:
Մուսթաքպալ պլոքը դատապարտեց Լիբանանի դէմ ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները:



