Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներուն յատուկ նախարարական նիստի մը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոն, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցերու Հարիրիի խորհրդատու Նատիմ Մուլլա: