Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխատավարձի Յաւելումներու Յատուկ Նիստին Ընթացքին. Խորհրդարանը Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրեց Քաղաքացիին

Մարտ 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ գումարեց իր լիագումար նիստը, որ յատկացուած էր շարք մը օրէնքներու քննարկումին, յատկապէս` աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացման:

Նիստին նախագահեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, ներկայութեամբ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ կառավարութեան:

Հակառակ անհատ երեսփոխաններու եւ երեսփոխանական պլոքներու կողմէ տուրքերու յաւելումները մերժող կեցուածքներուն, խորհրդարանը աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելէ առաջ վաւերացուց տուրքերը, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ ֆինանսաւորել այդ յաւելումները:

Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանը Յաւելուած արժէքի տուրքը (ՅԱՏ) մէկ առ հարիւրով բարձրացուց, այդպիսով ՅԱՏ-ը դարձնելով 11 առ հարիւր:

Խորհրդարանին որոշումով դրոշմաթուղթերը 3 հազար լ. ոսկիէն բարձրացան 4 հազար լ. ոսկիի:

Խորհրդարանը յաւելեալ տուրքեր պարտադրեց նաեւ կալուածագիրի եւ պաշտօնական փաստաթուղթերու կցուող դրոշմաթուղթերուն վրայ:

Շինարարական արտօնագիրներու գնահատականներուն պարագային, մէկ քառ. մեթրի սակին վրայ մէկուկէս առ հարիւրի յաւելումը վաւերացուեցաւ: Այս որոշումէն զանց կացուցուեցան ճարտարարուեստի յատուկ շինութիւնները:

Վաւերացուեցաւ նաեւ 5-րդ յօդուածը, որուն հիման վրայ սիմենթի մէկ թոնի սակին վրայ պիտի պարտադրուի 6 հազար լ. ոսկիի յաւելում:

Երեկոյեան նիստը սկսաւ աշխատավարձի յաւելումներու կէտով: Երեսփոխաններուն միջեւ երկու ժամուան բանավէճէ ետք, եզրակացուեցաւ, որ կարելի չէ յաւելումներ շնորհելու նպատակով 1200 միլիառ լ. ո. ծախսել, առանց անոր ֆինանսաւորումը ապահովելու:

Այս տեսակէտին պաշտպաններն էին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, երեսփոխաններ Ղազի Եուսեֆ, Ղազի Արիտի եւ ուրիշներ:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ բուռն կերպով բողոքեց եւ մերժեց քաղաքացիին յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը:

Բանավէճը կասեցնելու նպատակով միջամտեց վարչապետ Հարիրի, որ հաստատեց, թէ բոլորը կը փափաքին աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը, եւ առաջարկեց այդ իմաստով գործնական քայլերու դիմել:

Առաւօտեան նիստին Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար ողջունեց վարչապետ Հարիրիի կողմէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն մասին Ապահովութեան խորհուրդին բողոքագիր ներկայացնելու առաջարկը:

Միւս կողմէ, երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Նատիմ Ժեմայէլ զգուշացուցին խորհրդարանին մէջ ստեղծուելիք թափուր դրութեան հաւանականութենէն:

Սամի Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան վերապահութիւնը յայտնեց օրակարգին վրայ ընտրական օրէնքը չներառելուն համար` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը մեղսակիցներ են` ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան կառավարութենէն պահանջեց ընտրական օրէնքը փոխանցել խորհրդարան:

Խորհրդարանը մերժեց ջնջել օրէնքի թիւ 522 յօդուածը, որուն հիմամբ կը սահմանուի, որ եթէ բռնաբարողը իր զոհին հետ պսակուի, ապա չի պատժուիր:

Կը նախատեսուի, որ խորհրդարանը շարունակէ վաւերացնել այն 20 տուրքերը, որոնք իրեն փոխանցուած էին խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ:

Խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի շարունակուի այսօր` առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

ՊԷՏՔ է նշել նաեւ, որ մինչ խորհրդարանը իր նիստը կը գումարէր, երկրորդական կարգերու, արհեստից եւ արուեստից վարժարաններու ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ծառայութեան մօտ 2010-էն ի վեր քննութիւններուն յաջողած ուսուցիչները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ` պահանջելով յարգել իրենց իրաւունքները:

Հակառակ տեղատարափ անձրեւներուն, բողոքի նստացոյց կատարող ուսուցիչները խորհրդարանէն պահանջեցին վերատեսութեան ենթարկել աշխատավարձի յաւելումները, սպառնալով խանգարել կրթական տարեշրջանը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Յաջորդը

Թուրք Պաշտօնատարին Յայտարարութիւնը` Քէօլնի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Կանգնեցման Ծրագիրին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?