Ընտրական Օրէնքին Գծով Տարակարծութեանց Մթնոլորտին Մէջ. Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ Կը Նախատեսուին Յառաջիկայ 48 Ժամերուն, Նախքան Նախարարաց Խորհուրդի Հինգշաբթի Օրուան Նիստը Համախոհութեան Յանգելու Յոյսով
Երկրի հրատապ հարցերէն ընտրական օրէնքին գծով տարակարծութիւնները կը շարունակուին առնչակից տարբեր կողմերուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է վաղը` հինգշաբթի նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստին վրայ, որուն օրակարգի 102 կէտերուն առաջինը յատկացուած է ընտրական օրէնքի քննարկման: Այս գծով կարգ մը կողմեր մտավախութիւն կը յայտնեն, որ համախոհութեան չգոյութեան պարագային կեցուածքները կրնան առաւել եւս սրիլ եւ տագնապը աւելի խորացնել, ինչ որ...



















