Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուպայի Մէջ . Աւետիս Կիտանեան Պաշտօնապէս Կը Տեղեկանայ` Ամրան Ընթացքին Սէուտցի Զբօսաշրջիկներուն Լիբանան Այցելութեան Փափաքը

April 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ զբօսաշրջութեան եւ ազգային աւանդներու խորհուրդի նախագահ Սուլթան պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ Տուպայի մէջ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ սէուտցի զբօսաշրջիկները ամրան կը փափաքին այցելել Լիբանան:

Իշխան Սուլթան, ներկայութեամբ իշխան Պատըր պըն Ապտալլա Մոհսենի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, յայտնեց, որ Լիբանան պարզապէս երկիր մը չէ, այլ կենցաղ մը, որուն նկատմամբ ինք խոր սէր ունի` նկատի ունենալով, որ իր մանկութիւնը անցուցած է Լիբանանի մէջ:

Ա. Կիտանեան ողջունեց յատկապէս սէուտցի զբօսաշրջիկները եւ ընդհանրապէս Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկները` շեշտելով, որ  անիկա ցուցանիշ մըն է, որ Լիբանան պիտի ապրի աշխուժ ամառ մը` ներկայութեամբ արաբ, սէուտցի, Ծոցի երկիրներու եւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներու, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու:

Նշենք, որ նախարար Կիտանեան Տուպայի մէջ նախագահեց Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի շրջանային խորհուրդի 42-րդ նիստին` ներկայութեամբ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆայիի:

Նիստին ընթացքին նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ շրջանին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ Միջին Արեւելքի նկատմամբ առաջադրուած նախաձեռնութիւնները զօրակցական կեցուածքներ կը նկատուին` ամրապնդելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնն ու զբօսաշրջիկներուն անվտանգութիւնը:

«Այդ նախաձեռնութիւնները կ՛օժանդակեն նաեւ դիմադրելու արտաքին բախումներուն եւ զբօսաշրջութիւնը զետեղելու տնտեսական ու ընկերային բարգաւաճման քաղաքական օրակարգին վրայ: Անոնք կը նպաստեն նաեւ շրջանի զբօսաշրջութեան ազգային վարչութիւններուն կարողութիւններու բարելաւումին եւ պետական ու սեփական մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումին», շեշտեց Կիտանեան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց նաեւ, որ 2017-ն պիտի ըլլայ զբօսաշրջական մարզի բարգաւաճման տարին` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրելիք բարելաւումին պատճառով պայքար պիտի մղուի անգործութեան եւ  աղքատութեան դէմ, պիտի ապահովուին աշխատանքի կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ մարդկային եւ նիւթական աղբիւրներու բարգաւաճում:

Պէտք է աւելցնել, որ նախարար Կիտանեան Սարտուքի եւ լիբանանեան անձնական մարզի ճամբորդական գրասենեակներու ու պանդոկներու ներկայացուցիչներու հետ բացումը կատարեց Տուպայի մէջ զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցող Լիբանանի յատուկ տաղաւարին, որ բաւական գրաւիչ էր եւ ցուցահանդէսի այցելուներուն հետաքրքրութիւնը կը շարժէր:

 

Նախորդը

Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերու Արեւմտեան Հատուածի Կեդրոնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.