Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ Սուրի հռոմէական ամփիթատրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ 2017-ի Սուրի միջազգային փառատօնին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին փառատօնի նախագահ Ռանտա Պըրրի, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի ներկայացուցիչ` հնութիւններու ընդհանուր տնօրէն Սարգիս Խուրի, Սուրի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Հասան Տպուք, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ իրեն համար Սուրի մէջ գտնուիլը մեծարանք է` նկատի ունենալով, որ Սուրը աւելի քան վեց հազար տարուան պատմութիւն ունի:
Ան հաստատեց, որ Սուրի միջազգային փառատօնը բազմազան յայտագիրներ կը պարունակէ եւ իսկապէս համաշխարհային իրադարձութիւն մը կը նկատուի, որովետեւ անիկա կը մարմնաւորէ լիբանանցիներուն հետաքրքրութիւնները, ինչպէս նաեւ կը մարմնաւորէ Լիբանանի իսկական դէմքը` մշակութային, արուեստի եւ քաղաքակրթութեան մակարդակներուն առումով:
Նախարար Կիտանեան ողջունեց Սուրի միջազգային փառատօնը նաեւ այն իրողութեան համար, որ անիկա նորութիւններ կը պարունակէ` Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուելիք ելոյթներու իմաստով:
«Անկախ ընտրական օրէնքին մասին ընթացող վէճէն, Լիբանան կը գտնուի զբօսաշրջական խոստմնալից եղանակի մը դիմաց, ինչ որ Լիբանանի իսկական պատկերը` քաղաքակիրթ պատկերը կը դրսեւորէ եւ ոչ թէ քաղաքական տարակարծութիւններու պատկերը», ըսաւ ան` բարձր գնահատելով նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ղեկավարի դերակատարութիւնը:
Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ Լիբանանը իր մշակութային եւ քաղաքակրթական հանգամանքին վերադարձնող ազդակներէն կը նկատուին փառատօները` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան դառնայ արաբ եւ օտար զբօսաշրջիկներուն այցելութեան վայրը: